Քարոլայն Քոքս վարչապետ Կարապետեանին խոստացած է շարունակել աջակցիլ Հայ ժողովուրդին

By Asbarez | Thursday, 10 August 2017

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է Բրիտանիոյ Լորտերու  տան անդամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Վարչապետը բարձր գնահատած է Քարոլայն Քոքսի հայանպաստ եւ մարդասիրական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ  միջազգային ասպարէզին մէջ ղարաբաղեան տագնապի արդարացի ներկայացման ուղղուած քայլերը: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան  նշած է, որ յատկապէս վերջին շրջանին հայ-բրիտանական յարաբերութիւններուն մէջ նկատելի է աշխուժացում եւ կարեւոր նկատած է տնտեսական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը, գործարար կապերու խթանումը, ներառեալ` տարբեր համաժողովներու  կազմակերպումը:

Վարչապետ Կարապետեան ընդգծած է, որ երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հարցը առարկայական ձեւով  քննարկած է նաեւ Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանին հետ եւ  աւելցուցած, որ կան յստակ պատկերացումներ հետագայ քայլերուն  ուղղութեամբ:

Պարոնուհի Քոքս վարչապետին հետ խօսած է Հայաստան եւ Արցախ կատարած իր բազմաթիւ այցելութիւններուն մասին եւ նշած, որ ջերմօրէն կապուած է հայ ժողովուրդին հետ: Պարոնուհին եւս անհրաժեշտ գտած է հայ-բրիտանական տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը` կարեւոր նկատելով միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու  խորացումը, բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը:

Քոքս պատրաստակամութիւն յայտնած է հետագային եւս իր գործունէութեամբ աջակցելու հայ ժողովուրդին եւ նպաստելու հայ-բրիտանական կապերու սերտացման:


comments

Advertisement