Պոլսոյ նահանգի իշխանութիւնները դարձեալ կը միջամտեն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրութեան

By Asbarez | Wednesday, 13 September 2017

0913Istanbul

ՊՈԼԻՍ, <<Ակօս>> - Պոլսոյ նահանգապետարանը դարձեալ կը միջամտէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթին, այս անգամ պնդելով, որ գոհ չէ ընտրութիւններու կազմակերպչական հոլովոյթը գործադրող խումբի կարգ մը անդամներէն:

Ըստ համայնքին մէջ տարածուած լուրերուն՝ պատկան մարմինները նշած են, որ առարկութիւն ունին նախաձեռնող խումբի որոշ անդամներուն առնչութեամբ եւ պնդած են, որ այդ անդամներուն մասնակցութեամբ ընտրութիւն չի կրնար կազմակերպուիլ:

Նահանգապետարանին հետ համաձայնութիւն գոյացնելու եւ որոշ սրբագրութիւններ կատարելու համար, նախաձեռնող խումբի անդամները նոր ժողով պիտի գումարեն:

0913Istanbul2

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ մէջ հայոց պատրիարքի ընտրութեան կայացման ջատագով՝ <<Տեսակէտներու հարթակ>>ը, համայնքին մէջ նախաձեռնած է հարցախոյզի մը, որ պիտի սկսի Սեպտեմբերի կիսուն: Անոր նպատակն է պարզել հայ համայնքին, տեսակէտը՝ պատրիարքի, պատրիարքութեան եւ համայնքին համար կարեւոր հարցերուն շուրջ,  ինչպէս նաեւ ակնկալիքները՝ ապագայ պատրիարքէն:


comments

Advertisement