ԵԱՀԿը Հադրութի ուղղութեամբ ծրագրային դիտարկում իրականացուց

By Asbarez | Wednesday, 13 September 2017

0913osce

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ՝ ԵԱՀԿի առաքելութիւնը Սեպտեմբեր 12ին, Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծի ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է Հադրութի շրջանի արեւելեան ուղղութեամբ:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական վարչութենէն կը յայտնեն, թէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնականներ Կենատի Փեթրիքա (Մոլտովա) եւ Միխայիլ Օլարու (Մոլտովա), ինչպէս նաեւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Մարթին Շուսթըր (Գերմանիա):

Սահմանագիծին հակառակ կողմը դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփըրչիք, անոր դաշտային օգնական Օկնեն Եովիչ (Պոսնիա եւ Հերցեկովինա) եւ անձնական օգնական Սայմըն Թիլըր (Մեծն Բրիտանիա):

Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի:

Դիտարկման առաքելութիւնը արցախեան կողմէն ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

 



comments

Advertisement