Շոյկու եւ Ասատ կը քննարկեն ռազմական համագործակցութեան կարելիութիւնները

By Asbarez | Wednesday, 13 September 2017

0913syr

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<ՌԻԱ Նովոսթի>> - Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Սեպտեմբեր 12ին Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յանձնարարութեամբ:

Կողմերը քննարկած են ռազմական ու ռազմաճարտարագիտական համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարին մէջ սուրիական բանակին արձանագրած իրագործումները՝ Ռուսիոյ օդուժին աջակցութեամբ:

Քննուած են նաեւ երկրին մէջ յաւելեալ ապահով գօտիներ ստեղծելու եւ բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւնները ընդարձակելու կարելիութիւնները։

 

 

comments

Advertisement