Միջազգային Թափանցիկութիւն Կազմակերպութիւնը Ատրպէյճանի դէմ աւելի խիստ միջոցառումներ կը պահանջէ

By Asbarez | Wednesday, 11 October 2017

1011TI

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Միջազգային թափանցիկութիւն (Transparency International) կազմակերպութիւնը Եւրոխորհուրդին կոչ ըրած է կաշառակերութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս աւելի խիստ միջոցառումներու ձեռնարկելու Ատրպէյճանի դէմ, նորագոյն բացայայտումներուն եւ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահին հրաժարականէն ետք, որպէսզի կարելի ըլլայ ԵԽԽՎի հանդէպ վստահութիւնը վերականգնել:

Կազմակերպութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ողջունած է այն հանգամանքը, թէ ԵԽԽՎի մէջ այս շաբաթ քուէարկութեան պիտի դրուի կաշառակերութեան դէմ նոր կանոններ ընդունելու հարցը, սակայն կոչ ըրած է աւելի արագ հակադարձութիւն ցուցաբերելու առկայ մեղադրանքներուն գծով:

<<Եւրոխորհուրդը ժողովրդավարութեան պահպանման եւ ամրապնդման իրաւագիր ունի: Սեպտեմբեր 4ին, Յանցաւորութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծին եւ անոր գործընկերներուն բացայայտումները ցոյց տուին, որ ԵԽԽՎ ներկայ եւ նախկին պատգամաւորներ գումարներ ստացած են՝ վեհաժողովին մէջ Ատրպէյճանի շահերը պաշտպանելու համար>>, ըսուած է յայտարարութեան մէջ՝ յիշեցնելով, որ Հոկտեմբեր 6ին, իր հրաժարականը ներկայացուցած է ԵԽԽՎ նախագահ Փետրօ Ակրամունթը, որ այլապէս՝ քուէարկութեա՛մբ պիտի պաշտօնազրկուէր վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանի մեկնարկին:

Նշեալ կազմակերպութեան տնօրէն Փաթրիսիա Մորէյրա ընդգծած է, որ ԵԽԽՎ նախագահը պէտք է արագ քայլերու ձեռնարկէ իրաւախախտումներուն դէմ՝ շեշտելով, որ անցեալին ձգձգուեցաւ այս հարցը, երբ 2012ին առաջին անգամ խօսք եղաւ այդ մասին:

<<ԵԽԽՎ ներկայ եւ նախկին պատգամաւորներու՝ Ատրպէյճանէն կասկածելի նիւթական օգուտներ ստանալու մասին բացայայտումները պէտք է հետաքննութեան ենթարկուին անոնց ազգային իշխանութիւններուն կողմէ: Այդ բացայայտումներուն մէջ պատգամաւորներ ներգրաւուած են Պելճիքայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Սլովենիայէն, իսկ դրամի լուացման վերաբերեալ բացայայտումներուն մէջ ներգրաւուած են Պուլկարիան, Չեխիան, Դանիան, Էսթոնիան, Ֆրանսան, Հունգարիան, Ռուսիան, Զուիցերիան եւ Միացեալ Թագաւորութիւնը: Եւրոխորհուրդի որոշումին սպասելու փոխարէն, այդ երկիրները պէտք է սեփական ջանքեր գործադրեն՝ կաշառակերութեան գայթակղութեան դէմ հետաքննութիւն իրականացնելու ուղղութեամբ՝ սերտօրէն համագործակցելով Եւրոխորհուրդին հետ: Եւրոխորհուրդի անդամ երկիրները պէտք է այնպէս գործեն, որ հետաքննող մարմինները հասանելիութիւն ունենան անհրաժեշտ բոլոր տեղեկատուութեանց եւ փաստաթուղթերուն, ինչպէս նաեւ իրաւասութիւն ունենան ստուգումներ իրականացնելու համար>>, ըսած է Մորէյրա:

Կազմակերպութիւնը Եւրոխորհուրդին կոչ ըրած է նաեւ ստեղծելու մնայուն հետաքննութեան գրասենեակ մը, ապագային դրամի լուացումի եւ կաշառակերութեան դէպքերը արագօրէն բացայայտելու եւ պատժելու նպատակով։ Անիկա կը կարծէ, որ Եւրոխորհուրդը եւ անոր անդամ երկիրները պէտք է ընդունին այնպիսի ընթացակարգեր, որոնք թոյլ կու տան անմիջապէս հեռացնել ա՛յն անդամը, որ կը խախտէ օրէնքները եւ կաշառք կը ստանայ:

 

comments

Advertisement