19-ամեայ Չափլին Մարգարեան կը նահատակուի թշնամիի գնդակէն

By Asbarez | Thursday, 12 October 2017


ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Երեքշաբթի, 10 Հոկտեմբերին, ակառակորդին արձակած կրակոցին իբրեւ հետեւանք կրծքավանդակէն վիրաւորուած է պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Չափլին Արմէնի Մարգարեանը, որ անմիջապէս տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց, ուր նոյն երեկոյեան մահացած է:

Արմաւիր գիւղի գիւղապետարանէն կը տեղեկացնեն, որ Չափլինի նահատակութեան մասին իմացած են Երեքշաբթի երեկոյեան: Չափլին 8 ամիս առաջ զօրակոչուած էր բանակ: Ան Արմաւիրի բնակիչ էր, գիւղին մէջ կը բնակէր երկու եղբայրներուն, հօր, մեծ մօր եւ մեծ հօր հետ: Մայրը կ՛ապրի եւրոպական երկրի մը մէջ: <<Զոհուած զինծառայողը մարզիկ էր, գիւղում յարգուած, սովորող, բոլորին հասնող տղայ էր>>, յայտնած են գիւղապետարանէն:

comments

Advertisement