Ազատագրուեցաւ ցեղասպանութեան զոհերու աճիւնները պարունակող Մարկատէն

By Asbarez | Friday, 10 November 2017

1110margate

ԵՐԵՒԱՆ, <<Եռագոյն>> - Նոյեմբեր 9ին, սուրիական բանակը իր դաշնակից ուժերուն հետ միասին, Տէր Զօրի նահանգին մէջ <<Իսլամական պետութեան>> ահաբեկիչներէն ազատագրեց Ալպուքամալ քաղաքը, որ Իրաքի սահմանակից այդ շրջանին մէջ ահաբեկիչներու վերջին յենակէտն էր: Նոյն գործողութեան ընթացքին ազատագրուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու աճիւնները պարունակող Մարկատէ շրջանը:

Թրքական <<Անատոլու>> լրատուամիջոցին համաձայն՝ սուրիական բանակին աջակցած են քիւրտերու ղեկավարութեամբ Ժողովրդավարական միութիւն քրտական կուսակցութեան ուժերը:

Մարկատէի ազատագրումով, այժմ ազատագրուած է ամբողջ Հասիչէ նահանգը, որուն մեծ մասը քրտական յիշեալ ուժերու հովանաւորութեան տակ կը գտնուի:

 



comments

Advertisement