Սուրիոյ տագնապին լուծումը զիջումներ կը պահանջէ բոլոր կողմերէն. Փութին

By Asbarez | Friday, 24 November 2017

1123iran rus trk

ՍՈՉԻ, <<Կարտիըն>> - Նոյեմբեր 22ին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, թէ իրատեսօրէն կարելի է ըսել, որ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի աւարտը մօտեցած է, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ծայրայեղական ուժերը վճռական հարուածներ ստացած են, իսկ տագնապին քաղաքական կարգաւորումը կարիք ունի բոլոր կողմերուն՝ ներառեալ Սուրիոյ իշխանութիւններու, զիջումներուն:

Փութին այս յայտարարութիւնը կատարեց Սոչիի մէջ տեղի ունեցած իր, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի եւ Թուրքիոյ անոր պաշտօնակից Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ խորհրդակցութիւններէն ետք։

Եռակողմ հանդիպման ուշադրութեան կենդրոնը Սուրիոյ տագնապն էր։

Այս հանդիպումէն երկու օր առաջ, Փութին Սոչիի մէջ հիւրընկալած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։

Միւս կողմէ, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի <<Քուտս>> ուժերու հրամանատար զօր. Ղասեմ Սոլէյմանի յայտարարած է <<Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ հսկայ տարածքներ գրաւած <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորման  իշխանութեան ոչնչացումը>>, կը հաղորդէ <<Ալիք>> թերթը:

Ան այս հաստատումը կատարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի յղած իր նամակին մէջ, ուր նաեւ դրուատած է այս պայքարին յաջողութեան մէջ Խամենէիի, Իրաքի ու Սուրիոյ ժողովուրդներուն, կառավարութիւններուն եւ զինեալ ուժերուն դերակատարութիւնը: Ան այդ յայտարարութիւնը կատարած է Սուրիոյ մէջ վերջին յենակէտը նկատուող Պուքամալ քաղաքի ամբողջական ազատագրումէն ետք:

Այս առիթով, Ռոհանի եւս շնորհաւորած էր Խամենէին, Յեղափոխական պահակագունդը, բանակն ու բոլոր առնչակից կողմերը։

 



comments

Advertisement