Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարներու յաջորդ վեհաժողովը պիտի գումարուի Երեւանի մէջ

By Asbarez | Tuesday, 28 November 2017

1128francophone

Կիրակի, 26 Նոյեմբերին Փարիզի մէջ ընթացող Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարներու 34րդ համաժողովին ներկայացուեցաւ 2018ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան վեհաժողովի մասնակիցներու հաստատման ներկայացուց կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններու նստաշրջաններու ժամկէտերը, վեհաժողովի խորհրդանիշը, կարգախօսը եւ քննարկումներու հիմնական նիւթերը:

Հայաստանի առաջարկով, որոշուեցան Ֆրանսախօս երկիրներու Երեւանի վեհաժողովը 11-12 Հոկտեմբեր 2018ին, իսկ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններու նիստերը հետեւեալ օրացոյցով՝ 7 Հոկտեմբերին Ֆրանսախօս երկիրներու մնայուն խորհուրդը, 8-9 հոկտեմբերին՝ կազմակերպութեան նախարարական համաժողովը:

<<Ապրիլ միասին>>ը Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարական վեհաժողովը հաստատեց իբրեւ երեւանեան վեհաժողովի կարգախօս: Այս առումով, նախարար Էդուարդ Նալբանդեան տեղեկացուց, որ այդ կարգախօսը պիտի դրուի կազմակերպութեան առաջարկուելիք նոր հիմնարար փաստաթուղթի՝ Երեւանեան համաձայնագիրի հիմքին մէջ: Նախարարին համաձայն՝ համաձայնագիրը կ՛արտացոլէ Ֆրանսախօս երկիրներու համընդհանուր արժէքները՝ մարդու եւ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, միջմշակութային եւ միջկրօնական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ պայքարը այնպիսի երեւոյթներու դէմ, ինչպիսիք են այլատեացութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը, խտրականութիւնը եւ ատելութեան սերմանումը:

Նախարարական համաժողովին մասնակիցները դիտեցին Հայաստանի մասին տեսանիւթ մը՝ վեհաժողովի կազմակերպման պայմաններուն, նիստերու վայրին, ենթակառուցուածքներու եւ կազմակերպչական այլ հարցերու վերաբերեալ:

Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարներու վեհաժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց Երեւանի մէջ վեհաժողովի կազմակերպման վերաբերեալ Հայաստանի բոլոր առաջարկները:

Նախորդ նախարարական համաժողովէն մինչեւ օրս կատարուած աշխատանքներուն մասին հաշուետուութիւններով հանդէս եկան Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան նախագահող երկրին՝ Մատակասքարի արտաքին գործոց նախարար Հանրի Ռապարի-Նցակա եւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժան:

Ժողովին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ իր գնահատականը արտայայտեց Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան տարած աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին համար՝ աւելցնելով, որ անոր մէջ  առաւել քան տեղին են կայուն զարգացումը, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը եւ կլիմայական փոփոխութիւններուն դէմ պայքարը:

Ան վերահաստատեց Հայաստանի աջակցութիւնը կազմակերպութեան հետեւողական գործունէութեան, որ նպատակաուղղուած է ֆրանսախօս երկիրներուն մէջ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներուն վրայ լուսարձակ սփռելու՝ դիտել տալով, որ կազմակերպութիւնը, տարածքի եւ միջազգային գործընկերներուն հետ միասնաբար, ինչպէս նաեւ ճգնաժամային իրավիճակի մէջ գտնուող երկիրներուն նկատմամբ ցուցաբերուող օժանդակութեամբ շատ մեծ ու կարեւոր առաքելութեան լծուած է:

Խօսելով Արցախի տագնապին մասին՝ արտաքին գործոց նախարարը անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առաւ կարեւորութիւնը Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վերջին երեք վեհաժողովներուն ընդունուած բանաձեւերուն, ուր կը վերահաստատուի Հայաստանի լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն ջանքերուն, կոչ կ՛ուղղուի անվերապահօրէն յարգելու 1994 եւ 1995 թուականներու անժամկէտ եռակողմանի զինադադարի համաձայնագիրները, կը հաստատուի յանձնառութիւնը՝ խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթը շարունակելու:

Նշենք, որ Էդուարդ Նալբանդեան, 26 Նոյեմբերին, ստանձնեց ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովի նախագահութիւնը: Համաժողովի աւարտին տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Մատակասքարի արտաքին գործոց նախարար Հանրի Ռապարինձակա՝ Էդուարդ Նալբանդեանին փոխանցեց ֆրանսախօս երկիրներու նախարարներու համաժողովին նախագահութիւնը:

 



comments

Advertisement