Ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն պիտի հեռանան ահաբեկիչներու դէմ յաղթանակէն ետք. Դեսպան

By Asbarez | Wednesday, 06 December 2017

1206john-Huntsman

ՄՈՍԿՈՒԱ - Ռուսիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հանթսմընի կարծիքով՝ Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերու հեռացումին մասին կարելի է խօսիլ միայն, երբ Ուաշինկթըն համոզուի, թէ ահաբեկիչներուն դէմ պատերազմը յաջողութեամբ աւարտած է: <<Վետոմոսթի>>ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, դեսպանը յայտնած է. <<Դուք կրնաք հեռացնել բոլոր ահաբեկիչները Ռաքքայէն եւ Եփրատ գետի հովիտէն, սակայն անոնք կրնան վերախմբաւորուիլ: Այդ պատճառով ալ վաղաժամ հեռանալու պարագային՝ մեր բոլոր ջանքերը կրնան պարզապէս ջուրը իյնալ>>։

Ամերիկացի դիւանագէտը նշած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պիտի չյստակացնէ ամերիկեան ուժերուն հեռացման թուականը, մինչեւ որ <<աշխատանքը աւարտի>>։

Միւս կողմէ, Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի յայտնեց, թէ Սուրիոյ մէջ <<Միացեալ Նահանգներու ներկայութիւնը կը խանգարէ տագնապին լուծումի մը հասնելու ջանքերը>>։

 



comments

Advertisement