Եւրոխորհուրդը սկսաւ Ատրպէյճանի անդամակցութեան կասեցման իրաւական գործընթացին

By Asbarez | Thursday, 07 December 2017

1207CE Azr

 

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, <<Ազատութիւն>> - Եւրոխորհուրդի նախարարներու խորհուրդը Դեկտեմբեր 6ին առնուած աննախընթաց քայլով մը որոշեց Ատրպէյճանի դէմ՝ Եւրոխորհուրդի համաձայնագիրի խախտման վերաբերեալ իրաւական գործընթացին սկսիլ, քանի որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները շարունակաբար հրաժարած են կատարելէ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) 2014ի վճիռը, որ կը պահանջէր ատրպէյճանցի ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Իլկար Մամատովի անյապաղ ազատ արձակումը: Մամատով կը շարունակէ մնալ կալանքի տակ:

Նշենք, որ Եւրոխորհուրդը առաջին անգամ ըլլալով կը կիրառէ 2010ին վաւերացուած այս ընթացակարգը։

Նախարարներու խորհուրդը ՄԻԵԴէն խնդրած է պաշտօնապէս որոշել, թէ արդեօք Ատրպէյճան իրականացուցա՞ծ է իր պարտաւորութիւնները, որոնք այս պարագային կապուած են Մամատովի անյապաղ ազատ արձակման վճիռը չգործադրելուն:

2014ին, ՄԻԵԴը <<Իլկար Մամատով ընդդէմ Ատրպէյճան>> դատը քննելէ ետք հասած էր այն եզրակացութեան, որ ընդդիմադիր այս քաղաքական գործիչին ձերբակալութիւնը Եւրոպական համաձայնագիրի քանի մը կէտերու խախտում եղած է: ՄԻԵԴ մասնաւորապէս նշած էր, որ Մամատովի մեղադրանքն ու կալանքը նպատակ ունեցած են լռեցնել զայն՝ կառավարութիւնը չքննադատելու համար: Այս վճիռով արձանագրուած էր համաձայնագիրին 5, 6 եւ 18րդ յօդուածներու խախտում:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 25ին նախարարներու խորհուրդը միջանկեալ որոշում մը կայացուց ու Ատրպէյճանը պաշտօնապէս տեղեկացուց երկրին հանդէպ աննախադէպ իրաւական գործընթացի սկսելուն մասին, որ կրնայ յանգեցնել Եւրոխորհուրդի Ատրպէյճանի անդամակցութեան կասեցման: Մինչեւ Նոյեմբեր 29 ժամանակ տրուած էր Ատրպէյճանին, որպէսզի ներկայացնէր իր դիրքորոշումը, սակայն Պաքուի պատասխանը չէր բաւարարած Եւրոխորհուրդը:

Եւրոխորհուրդի անդամ երկիրները պարտաւոր են կատարելու ՄԻԵԴի վճիռները:

 

comments

Advertisement