Քնեսեթը վաւերացուց Երուսաղէմը Իսրայէլի Մայրաքաղաք օրինագիծը

By Asbarez | Thursday, 04 January 2018

0104knesset

ԹԵԼ ԱՒԻՒ - Իսրայէլի խորհրդարանը երկրորդ եւ երրորդ ընթերցումով վաւերացուց «Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք» օրինագիծը: Քնեսեթի 64 անդամներ թեր քուէարկեցին, 52 անդամներ՝ դէմ, իսկ մէկ երեսփոխան մնաց ձեռնպահ:

Քնեսեթը նախապէս վաւերացուցած էր Երուսաղէմի վերաբերեալ հիմնական օրէնքի բարեփոխումը, որուն համաձայն՝ Երուսաղէմի վերաբերող որեւէ հարցի վաւերացման համար, նոյնիսկ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման ծիրին մէջ, պէտք է 80 քուէ ապահովել:

Իսրայէլեան Լիքուտ կուսակցութիւնը վաւերացուցած էր Այսրյորդանանի եւ Երուսաղէմի մէջ բոլոր բնակեցման վայրերուն վրայ «իսրայէլեան գերիշխանութեան» տարածման կոչ ուղղող բանաձեւ մը եւս:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը կը պատրաստուի միջազգային դատարաններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու անդամակցութեանց, ինչպէս նաեւ օրինական բոլոր միջոցներու դիմելու՝ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու եւ Իսրայէլը հաշուետուութեան կանչելու համար:

Ապպաս ըսաւ, որ Լիքուտ կուսակցութեան որոշումը «պաղեստինցի ժողովուրդին, անոր հողերուն ու սրբատեղիներուն դէմ յարձակումի համազօր է, եւ անիկա պիտի չորդեգրուէր, եթէ ամերիկեան բացարձակ զօրակցութիւն չըլլար»: Ապպաս միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց անմիջապէս գործի լծուելու՝ կասեցնելու համար պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ միջազգային օրինականութեան որոշումներուն դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:

Պաղեստինեան «Իսլամական Ժիհատ» շարժումը իր կարգին յայտնեց, որ Լիքուտի որոշումը «փոխզիջումի ծրագիրի հոլովոյթի ուղին հասցուց իր աւարտին»՝ աւելցնելով, որ այդպիսի որոշումներուն պաղեստինեան պատասխանը կ՛ըլլայ այդ հողերուն վրայ ազգային եւ ժողովրդային գերիշխանութեան հաստատումն ու «ինթիֆատա»ի (պաղեստինեան յեղափոխութեան) մէջ մագլցումը:

Պաղեստինի մէջ դիմադրութեան յանձնախումբերը իրենց կարգին շեշտեցին, որ Լիքուտի որոշումին պէտք է հակադարձել՝ բնակեցման վայրերուն դէմ դիմադրութեան մագլցումով:

comments

Advertisement