Հակառակորդի գնդակէն զոհուած է 19ամեայ զինուոր Վաչէ Չիլինգարեան

By Asbarez | Wednesday, 10 January 2018

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ -  Կիրակի, 7 Յունուարին, Արցախի հիւսիս-արեւելեան սահմանի հայկական դիրքերուն վրայ հակառակորդի կրակոցներէն զոհուած է Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) զինծառայող, 1998ի ծնունդ Վաչէ Նուէրի Չիլինգարեան: Աւելի ուշ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեան յայտնեց, որ 19ամեայ զինծառայողը զոհուած է հակառակորդ դիպուկահարի կրակոցէն: Ըստ անոր՝ կան նաեւ երկու վիրաւորներ, որոնք թեթեւ մարմնական վնասուածքներ ստացած են. անոնց վիճակը բաւարար է:

Նահատակ զինուոր Վաչէ Չիլինգարեան Գեղարքունիքի մարզի Շողակաթ գիւղէն էր: Ան ընտանիքի միակ որդին էր:

Շողակաթի գիւղապետ Սուլիկօ Շուշանեան յայտնեց, որ 19ամեայ Վաչէն բանակին կը զինծառայէր մէկ տարիէ ի վեր:

«Յունուարի 23ին ծառայութեան 1 տարին կը լրանար: Ընտանիքի միակ որդին էր, իրենից փոքր երկու քոյր ունի», ըսաւ Շուշանեան:

Նախագահ Բակo Սահակեան 8 Յունուարին ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինծառայող Վաչէ Չիլինգարեան յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:

Պաշտօնական Ստեփանակերտը ահաբեկչական որակած է Ատրպէյճանի գործողութիւնները: «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան անդրադարձաւ հակառակորդի կրակոցէն հայ զինուորի մահուան:

«Յանձին Ատրպէյճանի՝ գործ ունինք ահաբեկչական պետութեան մը հետ: Մենք գործ ունինք ստոր հակառակորդի մը հետ: Ամանորեայ օրերուն զինադադարի խախտումը, որ որեւէ ձեւով չ՛ազդեր ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութեան վրայ, իրավիճակը չի փոխեր յօգուտ Ատրպէյճանի: Ասիկա պարզապէս ստորութիւն է, ահաբեկչութիւն, անմարդկային վերաբերմունք: Ահա այսպիսի աննորմալ հակառակորդի հետ գործ ունինք», ըսաւ ան:

Դաւիթ Բաբայեան յիշեցուց, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը, իբրեւ կայունութեան, խաղաղութեան միջոց, տակաւին տասը տարի առաջ առաջարկած էր յատկապէս միջազգային, ազգային եւ կրօնական տօնական օրերուն զինադադարը չխախտել:

«Տօնական օրերուն նման քայլի երթալը ստորութիւն է, որեւէ բանականութեան մէջ չի տեղաւորուիր: Մեզի համար ասիկա անդառնալի կորուստ է, զոհուած զինուորի յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ բոլորի սիրտերուն մէջ», աւելցուց Դաւիթ Բաբայեան:

comments

Advertisement