By Asbarez | Tuesday, 06 February 2018
ԱՖՐԻՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Փետրուար 4ին, հազարաւոր քաղաքացիներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին մէջ, որուն գիւղական շրջանները ներկայիս թրքական յարձակումներու թիխած են, իսկ քաղաքը յաճախ ռմբակոծումներու կ՛ենթարկուի։
Ցուցարարները կոչ ըրին միջազգային հանրութեան, որ կասեցնէ թրքական բարբարոսական յարձակումները՝ Անգարայի վրայ ճնշումներ բանեցնելով։ Անոնք նաեւ քննադատեցին Ռուսիան, որ լուռ կը մնայ «ահաբեկչական» այս յարձակումին դիմաց։
Միւս կողմէ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ թրքական զինեալ ուժերը 3 քիլոմեթր խորութեամբ ու 10 քիլոմեթր լայնքով յառաջացած են Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ Նահիաթ Պըլպել շրջանէն ներս: Պըլպելի գիւղական շրջանին մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները յաջողած են ետ մղել թրքական յարձակում մը եւ քանդած թրքական հրասայլ մը՝ սպաննելով առնուազն 5 թուրք զինուորներ եւ անցած Շաբաթ օրը դարձնելով թրքական ուժերուն համար ցարդ ամենամահացու օրը, որուն ընթացքին սպաննուած են 8 թուրք զինուորներ։
Փետրուար 5ին, թրքական բանակը հաղորդեց, թէ ցարդ տուած է 13 զոհ եւ 57 վիրաւորներ, միաժամանակ պնդելով, որ սպաննած է աւելի քան 900 քիւրտեր: Բուռն բախումներ կը շարունակուին Աֆրինի գիւղական շրջանէն Ռաժոյի մէջ։
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Շաբաթ օր, Պիթլիս նահանգին մէջ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համակիրներու հաւաքին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Գիտենք, որ ահաբեկչական ուժերուն ետին կը գտնուին արտաքին ուժեր, եւ անոնց կ՛աջակցին մեր ժողովուրդի զաւակները, սակայն մենք օսմանցի սուլթաններու թոռներն ենք եւ ունինք առիւծներ, որոնք «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան համար կը կռուին»:
Նաեւ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Շաբաթ օր յայտարարեց, որ հակաօդային հրթիռով վար առնուած է Իտլիպ նահանգին վերեւը թռչող ռուսական օդանաւ մը՝ նշելով, որ ջախջախուած օդանաւը «Սու. 25» տեսակի էր, իսկ անոր օդաչուն իր ձեռնառումբը պայթեցուցած է՝ գերի չդառնալու համար:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսական հաշտութեան կեդրոնը թրքական իշխանութիւններուն հետ գործակցաբար աշխատանք կը տանի՝ ստանձնելու համար օդաչուին դիակը։ Նախարարութիւնը աւելի ուշ հաղորդեց, որ նոյն օդանաւի ջախջախումին վայրը կատարուած օդային հարուածով մը սպաննուած են 30 զինեալներ:
comments
Պաքուի Համար Քարոզչութիւն Կատարած Հիմնարկը Նաեւ Շուէտի Կառավարութեան Խորհրդատուութիւն Կատարած Է
Արցախի Հայերը Պէտք Է Ատրպէյճանի Քաղաքացիութիւն Ընդունին․ Մամետեարով
Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Չվաւերացուց Թուրքիոյ Դեսպանին Նշանակումը
Չաւուշօղլու Յորդորեց Հայաստանին Աւելի Համարձակ Ըլլալ
Ուաշինկթըն Կաջակցի Թուրքիոյ Էֆ․16ներու Վաճառքին
Ձեր Անօդաչու Թռչող Սարքերը Մեր Զինուորները Կը Սպաննեն. Ռուսիոյ Դեսպանը Թուրքիոյ
ԵԱՀԿի Նախագահը Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Ուղղեց Բարեխղճօրէն Մասնակցելու Բանակցութիւններուն
Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկեցին Եռակողմ Յայտարարութիւններու Գործադրութիւնը
Անթալիոյ Մէջ Հայաստանի, Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպո՞ւմ
Մոսկուա-Պաքու Հռչակագիրը Չի Հակասեր Ռուսիա-Հայաստան Կապերուն