By Asbarez | Friday, 23 February 2018
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - 22 Փետրուարին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) հիւսիսարեւելեան դիրքերուն վրայ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1998ի ծնունդ Գրիգոր Կարապետի Եղոյեանը:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 22ին ստորագրեց հրամանագիր մը՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար ԱՀ պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինծառայող Գրիգոր Եղոյեանը յետ մահու պարգեւատրելով «Մարտական ծառայութիւն» շքանշանով:
Գրիգոր Եղոյեան Շիրակի մարզի Ախուրեան գիւղէն էր: Ախուրեանի համայնքապետ Արծրուն Իգիթեան «Հրապարակ»ի թղթակիցին յայտնած է, որ Գրիգորի ծնողները Ռուսիա կը գտնուին, ուր մեկնած են աշխատելու, իսկ ինք առաւել քան մէկ տարիէ ի վեր կը ծառայէր բանակին մէջ:
comments
Պաքուի Համար Քարոզչութիւն Կատարած Հիմնարկը Նաեւ Շուէտի Կառավարութեան Խորհրդատուութիւն Կատարած Է
Արցախի Հայերը Պէտք Է Ատրպէյճանի Քաղաքացիութիւն Ընդունին․ Մամետեարով
Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Չվաւերացուց Թուրքիոյ Դեսպանին Նշանակումը
Չաւուշօղլու Յորդորեց Հայաստանին Աւելի Համարձակ Ըլլալ
Ուաշինկթըն Կաջակցի Թուրքիոյ Էֆ․16ներու Վաճառքին
Ձեր Անօդաչու Թռչող Սարքերը Մեր Զինուորները Կը Սպաննեն. Ռուսիոյ Դեսպանը Թուրքիոյ
ԵԱՀԿի Նախագահը Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Ուղղեց Բարեխղճօրէն Մասնակցելու Բանակցութիւններուն
Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկեցին Եռակողմ Յայտարարութիւններու Գործադրութիւնը
Անթալիոյ Մէջ Հայաստանի, Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպո՞ւմ
Մոսկուա-Պաքու Հռչակագիրը Չի Հակասեր Ռուսիա-Հայաստան Կապերուն