Ազգայնամոլներ Դիմակայելու Պարտադրանքին Տակ Ենք. Փայլան

By Asbarez | Saturday, 10 March 2018

0310TurkParlAttackDHA

ԵՐԵՒԱՆ, <<Եռագոյն>> - Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, Մարտ 8ի երեկոյեան <<Թուիթըր>>ի իր էջին վրայ գրած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ իր եւ իր կուսակիցներուն դէմ նորագոյն յարձակումին մասին:

<<Երէկ իշխող կուսակցութեան պատգամաւորները խորհրդարանին մէջ իսկ իրենց բարբարոսութիւնները ցոյց տուին: Ազգայնամոլներու դէմ ամէն տեղ դիմադրութիւն ցոյց պիտի տանք եւ անշուշտ՝ պիտի յաղթե՛նք>>:

Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ կուսակցութեան պատգամաւորները մեղադրած են իշխանութիւնները՝ Աֆրինի մէջ ցեղային զտումի արշաւի նախաձեռնելու յանցանքով, ինչ որ կատղեցուցած է Էրտողանի կուսակիցները, որոնք, իբրեւ պատասխան, յարձակած են ընդդիմադիր կուսակցութեան պատգամաւորներուն վրայ:

 



comments

Advertisement