Հայ պատգամաւորները կը խորհրդակցին արտաքին գործոց նախարարի Ա. Փոխտեղակալին հետ

By Asbarez | Saturday, 10 March 2018

 

0310arm delegates

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Արցախփրէս>> - Ամերիկա այցելող Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ խորհրդարանական բարակամութեան խումբի հայ անդամներու պատուիրակութիւնը Մարտ 8ին, արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ հանդիպում մը ունեցաւ նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով առաջին փոխտեղակալ Էլիզապէթ Միլըրտի հետ:

Պատուիրակութեան ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեան ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերային եւ բարեկամական կապերու առաւել աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին պատուիրակութեան անդամները անդրադարձած են Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարին գծով իրականացուող բարեփոխումներուն, դատական իշխանութեան անկախութեան ապահովման ուղղուած քայլերուն եւ շարք մը այլ հարցերու: Անոնք նաեւ անդրադարձած են Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հեռանկարներուն եւ ընդգծած Ամերիկայի կարեւոր դերակատարութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման գործին մէջ:

Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգն ու տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող այլ հարցեր:

 



comments

Advertisement