Ռուսիա հրթիռները կառավարութեան փոխարէն՝ ահաբեկիչներու վրայ արձակելու կոչ կ՛ընէ Թրամփին

By Asbarez | Thursday, 12 April 2018

0412trump

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ուաշինկթըն Փոսթ>> - Սուրիոյ վրայ ամերիկեան հաւանական յարձակումի մը գծով Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ բանավէճը սրեցաւ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11ին, երբ Լիբանանի մօտ Ռուսիոյ դեսպանը յայտարարեց, թէ ոչ միայն ռուսական հակաօդայիններ վար պիտի առնեն Սուրիոյ վրայ արձակուած հրթիռները, այլեւ պիտի ռմբակոծեն այն վայրերը, ուրկէ կ՛արձակուին ամերիկեան հեթիռները, որովհետեւ ամերիկեան նման յարձակում մը միջազգային օրէնքի խախտում պիտի ըլլայ։

Այս ազդարարութեան հակադարձեց նախագահ Տանըլտ Թրամփ՝ վստահեցնելով, որ յարձակումը տեղի պիտի՛ ունենայ։ <<Պատրաստուէ՛ Ռուսիա, որովհետեւ անոնք (հրթիռները) պիտի՛ գան, աղուոր եւ նոր եւ <<խելացի>>>>, գրեց նախագահ Թրամփ։

Յատկանշական է, որ Թրամփ յաճախ քննադատած էր նախորդ նախագահ Պարաք Օպաման, ռազմական գործողութեանց իրականացումէն առաջ անոնց մասին յայտարարութիւններ կատարելուն համար։

Թրամփի այս արտասովոր յայտարարութեան հակադարձեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա՝ շեշտելով, որ ամերիկեան հրթիռները պէտք է օգտագործուին ահաբեկիչներու դէմ, ոչ թէ օրինական կառավարութեան դէմ, որ պայքար կը մղէ այդ ահաբեկիչները չէզոքացնելու համար։ Զախարովա նաեւ ազդարարեց, թէ ամերիկեան յարձակում մը վնաս պիտի հասցնէ քիմիական յարձակումին իսկական պատասխանատուները յայտնաբերելու գծով Ռուսիոյ եւ միջազգային քննիչներու ջանքերուն։

Spokeswoman of the Russian Foreign Ministry Maria Zakharova attends a news briefing in Moscow, Russia, in this file photo dated October 6, 2015. REUTERS/Maxim Shemetov

Նախապէս Սպիտակ տունը հաղորդած էր, որ Թրամփ հանդիպում մը ունեցած է ամերիկեան բանակի բարձրաստիճան հրամանատարներու հետ՝ քննարկելու համար <<ամերիկեան շահերը պաշտպանելու քայլերը>>: Կ՛ակնկալուէր, որ այդ հանդիպման ընթացքին Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան մը որոշումը որդեգրուի, մանաւանդ որ Թրամփ Երկուշաբթի օր խոստացած էր <<արագ եւ ուժեղ քայլեր>> որդեգրել՝ հակադարձելու համար Դամասկոսի Տումա շրջանին մէջ քիմիական զէնքի ենթադրեալ օգտագործման։ Թրամփ, զինուորականներու հետ հանդիպումէն առաջ յայտնած էր, թէ այդ առնչութեամբ որոշում մը պիտի տայ՝ <<շատ կարճ ժամանակ ետք, 48 ժամէն>>, աւելցնելով, որ իր երկիրը Սուրիոյ վերաբերեալ <<զինուորական բազմաթիւ ընտրանքներ ունի>>:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ <<Ռոյթըրզ>> լրատու գործակալութեան յայտնեցին, թէ Ուաշինկթըն <<զինուորական հաւաքական հակադարձութեան մը>> կարելիութիւնը կը սերտէ:

Սպիտակ տունը իր կարգին հաղորդեց, որ Թրամփ եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, նուազ քան 24 ժամուան ընթացքին, երկրորդ անգամ ըլլալով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են Երեքշաբթի օր՝ իրենց հակադարձութիւնը համակարգելու համար:

ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի իր կարգին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն քիմիական զէնքի յարձակումին պիտի հակադարձէ նոյնի՛սկ եթէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը այդ մասին որոշումի մը չյանգի:

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն բանբեր մը ամերիկեան <<Ֆորէյն Փալըսի>> թերթին յայտնած է. <<Բոլոր ծրագիրները դարակէն դուրս բերուեցան, եւ Թրամփ իր տրամադրութեան տակ ունի բազմաթիւ ընտրանքներ, որոնք ոչ բոլորը զինուորական են>>: Այս մասին նաեւ հարցումի մը պատասխանելով՝ Փենթակոնի բանբեր մը թրքական <<Անատոլու>> լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ սեղանի վրայ դրուած են կարգ մը ընտրանքներ, <<որոնցմէ ոմանք զինուորական են, ուրիշներ ալ՝ դիւանագիտական, սակայն նախքան նախագահի որոշումը՝ չեմ կրնար այս մասին խօսիլ>>, աւելցուցած է ան։

Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ գծով առողջ տրամաբանութիւնը կը գերակշռէ եւ իրադարձութիւնները Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ուղղակի բախումի չեն առաջնորդեր:

comments

Advertisement