Էրտողան Հայաստանէն «Խելամիտ Մօտեցումի Կը Սպասէ»

By Asbarez | Tuesday, 15 May 2018

0515erdo

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Մեծն Բրիտանիա այցելութեան ընթացքին ելոյթ մը ունեցած է միջազգային յարաբերութեանց նուիրուած <<Չեթըմ Հաուս>> ուսումնասիրական կեդրոնին մէջ:

Ըստ <<Մայնեթ>> կայքին՝ Էրտողան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է տարածաշրջանային եւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող շարք մը հարցերու՝ չմոռնալով նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։

Այդ մասին ան ըսած է. <<Մենք կ՛աջակցինք Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ մէջ կայուն խաղաղութիւն, զարգացում եւ բարգաւաճում ապահովելու նպատակով բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Այս շրջանակներէն բացակայող միակ պետութիւնը Հայաստա՛նն է: Կը սպասենք յատկապէս այն օրուան, երբ Հայաստանի կառավարութենէն խելամիտ մօտեցում եւ սթափ դատողութիւն պիտի տեսնենք>>։

 



comments

Advertisement