Ինտոնեզիոյ Մէջ Շարք Մը Ահաբեկչական Յարձակումներով՝ Աւելի Քան 20 Հոգի Սպաննուեցան

By Asbarez | Tuesday, 15 May 2018

0515indonesia

ՍՈՒՐԱՊԱՅԱ, Ինտոնեզիա, <<Սի.Էն.Էն.>> - Մայիս 13ին, առնուազն 13 անձեր զոհուեցան եւ տասնեակներով ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ Ինտոնեզիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաք Սուրապայայի մէջ եկեղեցիներ ականահարուեցան: Ինտոնեզիոյ ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ յարձակումին հեղինակները մէկ ընտանիքի անդամներ են։ Նախ՝ մայր մը իր 9 եւ 12 տարեկան երկու զաւակներով անձնասպանական գործողութիւն մը կատարած է եկեղեցւոյ մը մէջ, իսկ ընտանիքի հայրն ու 16 եւ 18 տարեկան երկու որդիները, իրենց կարգին, անձնասպանական գործողութիւն մը կատարած են Սուրապայայի կեդրոնը գտնուող այլ եկեղեցւոյ մը դէմ: Երկու գործողութեանց պատասխանատուութիւնը ստանձնեց <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան գաղափարակից խմբակ մը։

Իսկ Մայիս 14ին, չորս հոգինոց այլ ընտանիքի մը անդամները անձնասպանական գործողութիւն կատարած են նոյն քաղաքի ոստիկանատան մը դէմ՝ վիրաւորելով 10 հոգի, ներառեալ 4 ոստիկաններ։

 



comments

Advertisement