Երեք Տարուան Դադարէ Ետք՝ Պատարագ Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

By Asbarez | Tuesday, 10 July 2018

0710ahtamar

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Վանի նահանգապետ Մուրատ Զօրլուօղլու յայտարարեց, թէ երեք տարուան դադարէ ետք, դարձեալ Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ան յայտնեց, որ կղզիի եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցանելու հարցով քննարկումներ տեղի ունեցած են հայկական համայնքին հետ, եւ այժմ բանակցութիւններ կը վարուին համապատասխան նախարարութեան հետ։

<<Մեր նպատակն է երեք տարուան դադարէ ետք իրականացնել այս արարողութիւնը>>, նշեց նահանգապետը։

Լրատուութեան մէջ դիտել կը տրուի նաեւ, թէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը յառաջիկայ օրերուն պաշտօնական յայտարարութեամբ մը հանդէս պիտի գայ 9 Սեպտեմբերին մատուցուելիք Ս. պատարագին մասին ու մասնակցութեան կոչով պիտի դիմէ ժողովուրդին։

Յիշեցնենք, որ Ս. Խաչ եկեղեցին վերականգնուած էր իբրեւ թանգարան։ Եկեղեցւոյ նորոգութենէն ետք հայ համայնքին արտօնուած էր տարին անգամ մը պատարագ մատուցանել՝ Ս. Խաչի տօնին օրը։

 

comments

Advertisement