By Asbarez | Tuesday, 10 July 2018
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց աշխարհահռչակ հայ ֆութպոլիստ, ֆրանսայի ազգային հաւաքականի կազմէն 1998ին աշխարհի եւ 2000ին Եւրոպայի ախոյեաններու կոչումները նուաճած Եուրի Ճորքայէֆը, որ 8 Յուլիսին, Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Հարաւային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի աշխարհահռչակ վեթերան ֆութպոլիստներու մրցումին:
<<Շատ ուրախ եմ ձեզ ողջունելու այստեղ՝ Հայաստանի կառավարութեան յարկին տակ: Կը յուսամ, որ գիտէք, թէ ձեր ամբողջ ասպարէզին ընթացքին, բոլոր հայերը շատ հպարտ էին ձեզմով եւ կ՛ուզէին օգնել ձեզի իրենց բարեմաղթանքներով: Ուրախ եմ, որ դուք Հայաստան եկած էք եւ կը յուսամ, որ ձեր կապը Հայաստանի հետ շարունակական կ՛ըլլայ եւ մենք կը կարենանք համագործակցիլ, որպէսզի դուք աջակցիք Հայաստանի ֆութպոլին, ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ կը ներշնչէք նոր սերունդը>>, յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան:
Աշխարհահռչակ հայ ֆութպոլիստը, իր հերթին, ըսաւ, որ արդէն քանի մը անգամ այցելած է Հայաստան, ինչպէս՝ Ֆրանսայի նախագահներ Ժաք Շիրակի եւ Նիքոլա Սարքոզիի պատուիրակութիւններու կազմերուն հետ: <<Այս շատ կարեւոր է ինծի համար, որովհետեւ բոլորը գիտեն, որ իմ արիւնը հայկական է: Այն, ինչը դուք կատարեցիք վերջերս հրաշալի էր, աննկարագրելի, դուք ոգեշնչեցիք շատ հայեր, դուք փոխեցիք պետութեան դէմքը, բերիք յոյս, բան մը, որ նախապէս գույութիւն չունէր: Եւ ասիկա տարբեր բան է, որովհետեւ հնարաւորութիւն կայ ամէն բան կատարելու ճիշդ ձեւով, այդ պատճառաւ ես կ՛ուզեմ հարցնել ձեզի, թէ ինչով կրնամ օգտակար ըլլալ երկրին: Ես ալ կ՛ուզեմ իմ քայլը կատարել: Իմ հիմնադրամը պատրաստ է նոր ծրագիրներ սկսելու Հայաստանի մէջ>>, ըսաւ Եուրի Ճորքայէֆ՝ աւելցնելով, որ ինք նաեւ կ՛աշխատի UNISEF-ի հետ եւ այդ հարթութեան վրայ ալ պատրաստ է օգտակար ըլլալու Հայաստանին:
Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ֆութպոլիստին՝ թաւշեայ յեղափոխութեան վերաբերեալ անոր ունեցած արձագանգին համար եւ ողջունեց անոր նախաձեռնութիւնները: Վարչապետը համոզուած է, որ Եուրի Ճորքայէֆ, իր ծրագիրներով, մեծ խթան պիտի հանդիսանայ հայկական ֆութպոլի զարգացման:
comments
Պաքուի Համար Քարոզչութիւն Կատարած Հիմնարկը Նաեւ Շուէտի Կառավարութեան Խորհրդատուութիւն Կատարած Է
Արցախի Հայերը Պէտք Է Ատրպէյճանի Քաղաքացիութիւն Ընդունին․ Մամետեարով
Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Չվաւերացուց Թուրքիոյ Դեսպանին Նշանակումը
Չաւուշօղլու Յորդորեց Հայաստանին Աւելի Համարձակ Ըլլալ
Ուաշինկթըն Կաջակցի Թուրքիոյ Էֆ․16ներու Վաճառքին
Ձեր Անօդաչու Թռչող Սարքերը Մեր Զինուորները Կը Սպաննեն. Ռուսիոյ Դեսպանը Թուրքիոյ
ԵԱՀԿի Նախագահը Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Ուղղեց Բարեխղճօրէն Մասնակցելու Բանակցութիւններուն
Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկեցին Եռակողմ Յայտարարութիւններու Գործադրութիւնը
Անթալիոյ Մէջ Հայաստանի, Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպո՞ւմ
Մոսկուա-Պաքու Հռչակագիրը Չի Հակասեր Ռուսիա-Հայաստան Կապերուն