By Asbarez | Thursday, 29 December 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Դեկտեմբեր 27ին, Թուրքիոյ խորհրդարանը փոթորկոտ մթնոլորտի մէջ շարունակեց քննարկել սահմանադրական փոփոխութեան օրինագիծը, որ ճամբայ պիտի բանայ նախագահական դրութեան հաստատման եւ այլ փոփոխութեանց։
Այս նիւթին շուրջ խորհրդարանին մէջ բանավէճը ակնկալուածէն աւելի ծանր կ՛ընթանայ։ Սուր բանավէճի մթնոլորտի մէջ, չորրորդ յօդուածը եւս վաւերացուեցաւ որոշ փոփոխութիւններէ ետք, իսկ այս արշաւին դէմ ելոյթ ունեցաւ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան։ Ան ազդարարեց, որ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացը ամբողջովին կանգ պիտի առնէ, եթէ առաջադրուած փոփոխութիւնները վաւերացուին։
Տողան կառավարութիւնը հրաւիրեց ազգային կամքը յարգելու եւ դիտել տուաւ, որ մինչ ամբողջ աշխարհը բռնատիրական կարգերէ կ՛ընթանայ դէպի բազմազանութեան վրայ հիմնուած ժողովրդավարութիւն, Թուրքիոյ մէջ անոր հակառակը կը կատարուի։
Տողան նաեւ ըսաւ, որ իշխանութիւնները ամբոխավարական եւ պատեհապաշտ քաղաքականութիւն մը որդեգրած են, այդ մէկը աջակողմեան կուսակցութիւններու աւանդական քաղաքականութիւն նկատելով։ <<Ասիկա ժողովուրդը երկու բեւեռներու վերածելու քաղաքականութի՛ւն է։ Նախ՝ անորոշ ու տարտամ թշնամի մը կը ստեղծուի, ապա՝ զանգուածները կը հրաւիրուին այդ թշնամիին դէմ կռուելու>>, յայտնեց Տողան եւ աւելցուց, որ իշխանութիւնները վերջերս շարունակ իբրեւ թիրախ ցոյց կու տան արեւմտեան պետութիւնները։
comments
Iran Holds Massive War Games Near Armenian, Azeri Borders
Putin Invites Pashinyan, Aliyev for Talks, Slams Macron
Armenian Man Arrested In Russia Over Crimea Bridge Blast
U.S. Again Calls on Azerbaijan to Pull Back Troops in Armenia
Russia Calls on Azerbaijan to Pull Back Troops in Armenia
France Demands Withdrawal of Azerbaijani Forces from Armenia
Aliyev Says No One or Nothing Can Stop His Forces
CSTO Secretary-General Arrives in Armenia as Putin Calls for Restraint
Tehran Vows Strong Resistance Against Effort to Damage Iran-Armenia Border
Aliyev Anticipates Yerevan-Baku Peace Treaty Will be Signed in a Few Months