Հայ կիները պարտաւոր են ուժեղ եւ ստեղծագործող ըլլալ - Սելինա Տողան

By Asbarez | Wednesday, 01 February 2017

0000SELINA

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>>.– Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի անդամ Սելինա Տողան շնորհաւորական նամակ յղած է Կլատիս Պերեճիքլեանին՝ Աւստրալիոյ Նիու Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ:

Այս մասին <<Թերթ>>ին յայտնած են Տողանի մամլոյ գրասենեակէն։

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամը իր նամակին մէջ ընդգծած է, որ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ արուեստով, քաղաքականութեամբ ու հասարակական աշխատանքով զբաղող հայ կիները պէտք է միասնական ըլլան. ան իր աջակցութիւնն ու համագործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է Պերեճիքլեանին։

<<Մենք ներկայացուցիչներն ենք ազգի մը, որ շուրջ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած ցաւերուն պատճառով ցրուած ենք աշխարհի տարբեր անկիւնները: Կ՛ապրինք պատմական, հասարակական եւ քաղաքական տարբեր կառուցուածքի տէր երկիրներու մէջ: Մենք՝ իբրեւ կանայք եւ որպէս ազգային փոքրամասնութեան ներկայացուցիչներ, աշխատած ենք եւ կ՛աշխատինք յաղթահարել բազմաթիւ արգելքներ: Մենք պարտաւոր ենք ըլլալ ուժեղ եւ ստեղծագործող՝ ինչպէս Զապէլ Եսայեան։ Հպարտ կ՛ըլլամ ձեզ հիւրընկալելով Թուրքիոյ մէջ>>, գրած է հայ երեսփոխանը:

 


comments

Advertisement