Լը Փենէն, Ֆիոնէն եւ Ամոնէն ետք. Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածուներ Մաքրոն եւ Մելանշոն կը խօսին Հայկական հարցերու մասին

By Aztag Daily | Saturday, 22 April 2017


Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու, տնտեսութեան նախկին նախարար եւ Յառաջ նորաստեղծ կուսակցութեան ղեկավար Էմանուէլ Մաքրոն <<Նովել տ՛Արմենի>>-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի նշանակուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման աւանդութիւնը:

<<Ապրիլ 24-ը ամուր խորհրդանիշ է. անիկա կ՛ոգեկոչէ 1915 թուականի ապրիլ 24-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 600 հայ մտաւորականներու աքսորն ու սպանութիւնը եւ առաջին ցեղասպանութեան սկիզբը: Ասիկա կարեւոր պահ է Ֆրանսայի եւ Հայաստանի յիշողութեան, իսկ այնուհետեւ նաեւ բարեկամութեան մէջ: Ես նոյն ատեն կողմ եմ, որ այդ օրը ներառուի մեր օրացոյցին մէջ` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օր>>, նշած է Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահի թեկնածուն ընդգծած է նաեւ այդ երկրի հայ համայնքին դերը ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ: <<Ես կ՛աջակցիմ անոնց պայքարին: Ցեղասպանութեան ճանաչման համար անոնցմէ սերունդներու պայքար պահանջուեցաւ: Անոնք շարունակաբար պահանջներ կը ներկայացնէին, ինչ որ ի վերջոյ տուաւ իր պտուղները: Հաշուի առնենք նաեւ 2016-ի գերմանական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած պատմական քուէարկութիւնը: Ֆրանսայի մէջ կարելի չեղաւ հասնիլ ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման, իսկ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը բազմաթիւ թիւրըմբռնումներու տեղ տուաւ: Համոզուած եմ, որ անհրաժեշտ է շարունակել աշխատիլ այս ուղղութեամբ: Իրաւունքն ու յիշողութիւնը պէտք չէ ըլլան անհամատեղելի>>, ընդգծած է Էմանուէլ Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահական թեկնածուներէն, Համայնավար կուսակցութեան եւ շարք մը այլ ձախակողմեան ուժերու զօրակցութիւնը վայելող Ժան Լիւք Մելանշոնի ընտրարշաւի կազմակերպիչներէ Շարլոթ Ժերար իր կարգին <<Նուվել տ՛Արմենի>>-ին յայտնած է, որ նախագահ ընտրուելու պարագային Մելանշոն պիտի մասնակցի 24 ապրիլի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւններուն եւ հանդէս պիտի գայ ի նպաստ այդ օրը Ֆրանսայի Հանրապետութեան յիշատակի օրերու օրացոյցին վրայ ներառելու գաղափարին:

<<Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու երեք ողբերգական ցեղասպանութիւններէն մէկն է: Ատիկա կարեւոր է ո՛չ միայն հայ համայնքին համար, այլ նաեւ դաս է մարդկութեան համար: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները այսօր եւս մտահոգող արձագանգներ կը յառաջացնեն, եթէ աչքէ անցընենք այն քայլերը, որոնք թրքական պետութեան կողմէ նախաձեռնած են Սուրի եւ Ճիզրէի մէջ քրտական համայնքին նկատմամբ>>, Մելանշոնի խօսքը մէջբերած է Շարլոթ Ժերար:

Ըստ Ժերարի, Մելանշոն կողմ է առհասարակ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու, յատկապէս ցեղասպանութիւններու ճանաչման: Ըստ անոր, մենատիրութեան ճամբան բռնած թրքական պետութիւնը Էրտողանի գլխաւորութեամբ ներգրաւուած է պատմութեան վերանայման մէջ, նաեւ 1915-ի խնդիրով:

Մելանշոն նոյն ատեն ողջունած է Ֆրանսայի հայ համայնքին ջանքերը Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ: <<Ֆրանսայի հայ համայնքը, որ մեծապէս Ցեղասպանութեան պատճառով յառաջացած է, Ֆրանսայի ժողովուրդներու խճանկարին կարեւոր մասը կը կազմէ: Ի թիւս այլ համայնքներու, կարելի չէ մոռնալ հայկական ծագումով բազմաթիւ ֆրանսացիներու ներդրումը գեղարուեստի, գիտութեան, մարմնամարզի եւ քաղաքականութեան մէջ: Պիտի ուզէի այս առումով յիշել Հայաստանի զաւակներէն մէկը, որ դարձաւ ֆրանսացի մեծ հայրենասէր, եւ որ մասնաւորաբար մօտ է սրտիս. այս պահուս կը մտածեմ բանաստեղծ ու դիմադրութեան շարժումի մասնակից Միսաք Մանուշեանի մասին: Միսաք Մանուշեանը մեր Ֆրանսան է` դիմադրող, խելացի, համարձակ>>, նշած է Մելանշոն:

Նշենք, որ վերջերս հայկական հարցերու մասին արտայայտուեցան նաեւ Ֆրանսայի նախագահութեան այլ թեկնածուներ` Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն, Հանրապետականներ կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Ֆիյոն եւ Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Պենուա Ամոնը



comments

Advertisement