CIA-ի Տնօրէն Ուիլիըմ Պըրնզի Հայաստանի Մէջ Կը Քննարկէ Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Հետ Կապերու Բնականոնացումը

By Asbarez | Monday, 18 July 2022



ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըրնզի Հայաստան տուած այցելութեան վերաբերող հարցումներուն պաշտօնական Երեւանի եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան խուսափողական պատասխաններէն ետք, Հայաստանի կառավարական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ 15 Յուլիսին Պըրնզ այցելեց Հայաստան եւ ունեցաւ բարձրաստիճան հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան շրջանային ապահովական հարցեր, ինչպէս նաեւ Երեւանի ջանքերը՝ Պաքուի եւ Անգարայի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու:

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պըրնզի հետ հանդիպումին ընթացքին անոր ներկայացուց շրջանի խաղաղութեան վերաբերող Հայաստանի քաղաքականութիւնը, երկրին դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները՝ յատուկ անդրադարձ կատարելով Հայաստան-Թուրքիա, Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացներուն։

Պըրնզ հանդիպեցաւ նաեւ Վվարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ քննարկեց միջազգային եւ տարածաշրջանային ապահովութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:

Աւելի կանուխ տարբեր լրատուամիջոցներ փորձ կատարեցին գիտնալու, եթէ Պըրնզ իսկապէս Հայաստան այցելած է, սակայն թէ՛ պաշտօնական Երեւան եւ թէ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յստակ պատասխաններ չտուին։

Յղում կատարելով դիւանագիտական անանուն աղբիւրներու` ռուսական պետական լրատուական գործակալութիւնները օրուան ընթացքին գրեցին, թէ «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէնը քանի մը ժամուան համար այցելեց Հայաստան։

Քաղաքագէտ Տիգրան Գրիգորեան «Ազատութեան» փոխանցեց, թէ, ըստ իր ունեցած տեղեկութիւններուն` Երեւան կը գտնուին ապահովական կառոյցներու ամերիկացի եւ ռուս մասնագէտներ, որոնց քննարկման գլխաւոր թեման Ուքրանիան է: «Առկայ սակաւ տեղեկութիւնների հիման վրայ կարելի է ենթադրել, որ պարզապէս Երեւանը կամ Հայաստանը ընտրուել է վայր՝ Ռուսաստանի հետ ինչ-որ գաղտնի բանակցութիւններ անցկացնելու համար, որովհետեւ իմ ունեցած տեղեկութիւններով` այս օրերին այս նպատակով Երեւան են ժամանել նաեւ ռուս եւ ամերիկեան փորձագէտներ, եւ օրինակ`այդպիսի հանդիպման մասին ես տեղեակ եմ, ուստի կարող եմ ենթադրել, որ Բըրնսի այցը եւս կարող է այդ համատեքստում լինել», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ այս բանակցութիւններուն համար Հայաստանը ընտրուած է, որովհետեւ անիկա կարգ մը առումներով չէզոք երկիր է:

Նշենք, որ առաւել քան երեք տասնամեակներ դիւանագիտական աշխատանք ծաւալած եւ Ռուսիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան եղած Ուիլիըմ Պըրնզ «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէն նշանակուեցաւ նախորդ տարուան Մարտին:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement