Մեր Օրակարգը Շարունակում Է Մնալ Նոյնը, Արցախի Եւ Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Վերահաստատում. Մինասեան

By Asbarez | Thursday, 09 September 2021



ԵՐԵՒԱՆ.- «Երկիր»ի լրագրող Աննա Բալեանի տուած հարցազրոյցին ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ 30 տարուան մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութիւններուն մասնակցելու համար Արցախ մեկնող Հայաստանի պաշտօնական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն չկայ, բայց Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը 11 հոգիով պիտի մասնակցի նախաձեռնութիւններուն։

«Այո՛, մենք ինքնակազմակերպուել ենք, չնայած կարող են նախատեսուել առանձին հանդիպումներ երկու խորհրդարանների ներկայացուցիչների մասնակցութեամբ, նոյնիսկ որոշակի հանդիսաւոր նիստ, բայց դա էական չէ, էականն այն է, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնն իր 11 անձանցով մասնացելու է այդ միջոցառումներին: Երկրորդ, մեր գերխնդիրը շարունակում է մնալ սպասարկել Հայաստանի եւ Արցախի շահերը: Եւ մեր կազմի մասնակցութիւնը, որը ներառում է քաղաքական մի քանի միաւորումներ նոյնիսկ մեր դաշինքում, արձանագրումն է այն բանի, որ մեր օրակարգը շարունակում է մնալ նոյնը` Արցախի եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան վերահաստատում», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Թէեւ Արցախէն պաշտօնական հրաւէրներ ուղարկուած են Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, որպէսզի մասնակցին տօնակատարութիւններուն, բայց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մինչեւ 3 Սեպտեմբեր արձակուրդի գացած է, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան չէ յայտարարած իր մասնակցութեան մասին, իսկ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան հրաժարած է մեկնելէ Արցախ:

«Հայաստան» խմբակցութեան 11 անդամներէն բացի Արցախ պիտի ուղղուին նաեւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան անդամները․ թէեւ պիտի մեկնին առանձին, բայց, ըստ Արծուիկ Մինասեանի, Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում: Ասիկա, անշուշտ, կարելի չէ նկատել Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտօնական պատուիրակութիւն, ինչ որ, անկասկած, վերաբերմունքի դրսեւորում է:

«Այս իշխանութիւնը, ինչպէս աղէտ բերեց Հայաստանի ու Արցախի գլխին, այնպէս էլ շարունակում է նոյն վիճակում մնալ․ սրանք վախեցած, Արցախը յանձնած, Արցախի անկախութիւնը ոտնատակ տուած, Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը ոտնատակ տուած մարդկանց մի խումբ են, որոնք, ակնյայտ է, որ շարունակում են իրենց ազգադաւ կեցուածքը: Ընդ որում, դա կարող է լինել թէ՛ յատուկ, թէ՛ ոչ յատուկ, թէ՛ վախի ազդեցութեան, թէ՛ անձեռնահասութեան դրսեւորում, բայց որ այս իշխանութիւնը ի վիճակի չէ մեր երկրի շահերը պաշտպանել` դա փաստ է», դիտել տուաւ խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement