Կատարուեցաւ Բացումը Արցախի Հայ Դատի Գրասենեակին

By Asbarez | Thursday, 09 September 2021



ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով, այսուհետեւ Արցախի մէջ կը գործէ Հայ Դատի գրասենեակը: 2 Սեպտեմբերին՝ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրը, Ստեփանակերտի մէջ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակին։

Ներկայ էին Արցախի նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Հանրապետութեան հռչակման օրուան առիթով Արցախ գտնուող «Հայաստան« եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու անդամներ, Արցախի խորհրդարանի պատգամաւորներ եւ հիւրեր:

Գրասենեակին բացման առիթով ուղերձ յղեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ դիտել տուաւ, թէ 1988-1994ի ազատամարտով հայ ժողովուրդը կրցաւ միացեալ ջանքերով եւ արեան ու քրտինքի գնով կերտել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որ կը հանդիսանայ ամբողջական Հայաստանի մեր տեսլականին առաջին հանգրուանը:

«2020ի աշնան, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած 44օրեայ պատերազմի արհաւիրքը եւ արդիւնքը անշուշտ որ խոցեցին մեր ազգային արժանապատուութիւնը, բայց Դաշնակցութեան համար Արցախեան այս վերջին պատուհասը լոկ ժամանակաւոր նահանջ է. արցախահայութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդը առհասարակ, իր մէջ ունին բաւարար ներուժ ձգտելու, որ ոտքի կանգնի Արցախը, ապրի անկախ ու հայատրոփ ոգիով եւ յարատեւօրէն զարգանայ մինչեւ անոր վերամիաւորումը մայր Հայաստանի հետ», իր ուղերձին մէջ յայտնեց Տէր Խաչատուրեան:

Ան նշեց, թէ այսօր կ՛ապրինք մեր նորագոյն պատմութեան ճակատագրական-բախտորոշ շրջափուլներէն մէկը, երբ յաւելեալ ճիգ ու ջանք պէտք են դիմագրաւելու մեր առջեւ ցցուող բոլոր մարտահրաւէրները: «Բայց մեր կամքը աննկուն է եւ մենք պատրաստ ենք ներդնելու մեր ամբողջ կարողականութիւնը եւ բազմապատկելու մեր աշխատանքները ի սպաս Արցախի դատին: Եւ իբրեւ շօշափելի կարեւոր նոր քայլ, այսօր կը յայտարարենք ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակին հաստատումը, որպէսզի անգամ մը եւս շեշտենք մեր տեւական յանձնառութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման եւ Արցախի բնակչութեան յետ-պատերազմեան կարիքներուն աջակցելու գծով. միաժամանակ՝ պատգամ կը փոխանցենք միջազգային հանրութեան եւ Ատրպէյճանին ու իր դաշնակիցներուն, որ հակառակ 44օրեայ պատերազմի հետեւանքներուն, մենք պատրաստ ենք սատարելու Արցախի զարգացման եւ ամրապնդելու Հայաստան-Արցախ- Սփիւռք եռամիասնութիւնը», շեշտեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը։

Անդրադառնալով նորաստեղծ գրասենեակին առաքելութեան՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ անիկա Արցախի հարցով աշխատանքները խթանելու համար նիւթեր եւ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ, Արցախի համապատասխան մարմիններուն եւ կառոյցներուն հետ առօրեայ յարաբերութեան մէջ պիտի ըլլայ, Արցախ այցելութիւններուն պիտի սատարէ, Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակին աջակցութեամբ խորհրդաժողովներու կազմակերպման պիտի նպաստէ, պիտի գործէ Արցախի Բարեկամներու ցանցի ընդլայնման եւ առհասարակ Հայ Դատի աշխատանքներու քարոզչութեան՝ արցախահայութեան մօտ։

Բացման ընթացքին խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցան Արցախի միջազգային բարեկամներու «Pro Artsakh» ցանցի անդամներուն ուղերձները՝ նուիրուած Արցախի 30ամեայ յոբելեանին եւ Արցախի մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի բացման:

ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակը պիտի ղեկավարէ Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Գէորգի Պետրոսեան: Անիկա պիտի գործէ ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement