Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ ԵԱՀԿի Մինսքի Համանախագահներուն Տարածարջան Այցելութիւնը Դրական Անդրադարձ Կունենայ

By Asbarez | Friday, 01 October 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ տպագրութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն Ալեքսէյ Զայցեւ 30 Սեպտեմբերին անդրադարձաւ Ղարաբաղեան տագնապին, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն գծով Ռուսիոյ ջանքերուն եւ սահմանային հարցերուն։

Զայցեւ դիտել տուաւ, որ Մոսկուան յոյս ունի, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն այցելութիւնը պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ հանդիպման կազմակերպման։ «Ռուսիա միշտ հիմք կ՛ընդունի այն, որ մնայուն երկխօսութիւնը, յատկապէս՝ բարձրագոյն մակարդակի, կը նպաստէ փոխըմբռնման եւ խնդրայարոյց հարցերու լուծման կառուցողական մթնոլորտի պահպանման: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մնայուն կապերուն շնորհիւ կարելի եղաւ դադրեցնել արիւնահեղութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ստորագրել եռակողմանի յայտարարութիւն, որ հիմք դրաւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման», նշեց ան:

Ալեքսէյ Զայցեւ դիտել տուաւ, որ ռուսական կողմը կը շարունակէ աշխատիլ Երեւանի եւ Պաքուի հետ՝ հայ ռազմագերիներու վերադարձին ուղղութեամբ՝ Ատրպէյճանին ականապատման քարտէսները տրամադրելուն դիմաց, եւ յոյս յայտնեց, որ այդ պիտի օգնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու հարցերու լուծման: Ան դիտել տուաւ, որ բորբոքիչ հարցերու շուտափոյթ եւ վերջնական լուծումը պիտի նպաստէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան՝ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին, ան յայտնեց, որ առերեսման երանգ ունեցող յայտարարութիւնները չեն նպաստեր տարակարծութիւններու յաղթահարման:

«Անդրկովկասի մէջ երթեւեկի ուղիներու ապաշրջափակման վերաբերող եռակողմ աշխատանքային խումբը՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետերու ձեւաչափով, կը շարունակէ աշխատիլ: Մենք կ՛ողջունենք Պաքուի եւ Երեւանի դրական տրամադրուածութիւնը փոխընդունելի եւ փաթեթային պայմանաւորուածութիւններու հասնելու, ինչ որ հեռանկարային առումով կարելիութիւն պիտի տայ միացեալ աշխատանքը տեղափոխելու գործընկերային համագործակցութեան հարթութիւն», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement