Արցախը Որեւէ Ձեւով Չի Կարող Լինել Ադրբեջանի Կազմում․ Լեռնիկ Յովհաննիսեան

By Asbarez | Wednesday, 06 October 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Երկիր»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի նախկին նախարար, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, անդրադառնալով Ալիեւի յայտարարութեան, թէ՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հայերը նախապէս կը ձգտէին անկախութեան, իսկ հիմա սկսած են խօսիլ Ատրպէյճանի կազմին մէջ ինքնավարութեան մասին», ըսաւ, որ իրեն համար այս միտքը  անընդունելի է՝ աւելցնելով, թէ այդ մասին նոյնիսկ խօսիլը աւելորդ է` Արցախը որեւէ ձեւով չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կազմին մէջ։

Արցախի ժողովուրդին մօտ այդպիսի տրամադրութիւններ չկան, ըսաւ Լ. Յովհաննիսեան: Աւելին՝ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան եւս յայտարարեց, որ Արցախը որեւէ ձեւով չի կրնար մաս կազմել Ատրպէյճանին: Այսինքն, գոնէ այս հարցին մէջ, թէ՛ ժողովուրդը եւ թէ իշխանութիւնները` ի դէմս արտաքին գործոց նախարարին, յայտարարեցին, որ համակարծիք են:

Լրագրողը հարցուց, թէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահները ի՞նչ ունին ընելիք՝ Արցախի կարգավիճակի հարցը յառաջ տանելու համար․ Լեռնիկ Յովհաննիսեան պատասխանեց՝ ըսելով, որ առաջին հերթին պէտք է Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող մեր պատմամշակութային ժառանգութեան ճակատագիրով զբաղին, որովհետեւ Ատրպէյճան սկսած է մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը, եւ բազմաթիւ եկեղեցիներ ձեւախեղելով, մէկ մասը ոչնչացնելով` կ՛ոչնչացնէ ոչ միայն մեր միջնադարեան պատմամշակութային ժառանգութիւնը, այլ նաեւ համեմատաբար նոր յուշարձանները՝ թէ՛ Հայրենական մեծ պատերազմին, թէ՛ Արցախեան ազատամարտի զոհերուն նուիրուած եւ թէ նոր կառուցուած եկեղեցիները՝ այն բոլորը, ոչոնք այսօր մնացած են թշնամիին կողմէ վերահսկուող տարածքին մէջ:

«Սա շատ կարեւոր է եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբն այստեղ անելիք ունի: Արցախում մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան տեսանկիւնից ՀՀ եւ Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքների գրասենեակները շատ արդիւնաւէտ են աշխատում այդ ուղղութեամբ` ի տարբերութիւն ՀՀ իշխանութիւնների թէ՛ Արցախի բռնագրաւուած տարածքների եւ թ՛ Հայաստանի այն սահմանամերձ գօտիների մասով, որոնք ապօրինաբար գրաւուած են այսօր ադրբեջանական ուժերի կողմից: ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը պէտք է անպայման անդրադառնայ սրան, եւ կարգավիճակի հետ կապուած հարցերում էլ անպայման հաշուի առնի», դիտել տուաւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան:

Անընդհատ կը խօսուի ատրպէյճանցի գաղթականներու վերադարձին մասին՝ նշեց ան, բայց հայ գաղթականներուն մասին որեւէ խօսք չկայ, չի խօսուիր երբեք 1988էն գաղթած ամբողջ Հիւսիսային Արցախի եւ ընդհանուր ատրպէյճանահայութեան` Պաքուէն եւ Սումկայիթէն գաղթածներուն վերաբերող հարցերուն մասին:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement