Մոսկուայի Մէջ Փաշինեան-Փութին Հանդիպում

By Asbarez | Thursday, 21 October 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեքշաբթի, 12 Հոկտեմբերին, Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը:

Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ հեռաձայնային մնայուն կապի մէջ է Փաշինեանի հետ, սակայն անհրաժեշտ արդիւնքին հասնելու իմաստով անձնական հանդիպումները միշտ առաւել արդիւնաւէտ են: Փութին ըսաւ, որ այս անգամ եւս այդպէս պիտի ըլլայ:

«Մենք պիտի խօսինք թէ՛ պաշտօնական եւ թէ ոչ-պաշտօնական  միջավայրի մէջ, պիտի ճաշենք, քննարկենք ընթացիկ գործերը, խօսինք հեռանկարներու մասին: Շուտով այստեղ տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀի (Անկախ պետութիւններու հասարակապետութիւն) վեհաժողովը, պիտի ուզէինք ձեզի հետ համաձայնեցնել դիրքորոշումները, քայլերը, նաեւ այդ ուղղութեամբ եւ, բնականաբար, մեր համագործակցութեան հիմնական հարցերով, այդ կարգին՝ այսօրուան դրութեամբ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարով տարածաշրջանին մէջ կարգաւորման հարցով: Շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելու, բարի գալուստ», ըսաւ Փութին:

Հայաստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար՝ նշելով, որ ասիկա այս տարի Ռուսիոյ նախագահին հետ արդէն չորրորդ հանդիպումն է: «Կարծում եմ, նման յաճախակի հանդիպումները վկայում են մեր յարաբերութիւնների բարձր դինամիկայի (ուժաբանութեան) ու մեր ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւնների կարեւորութեան երկուստեք ընկալման մասին: Ի հարկէ, ներկայումս մեր տարածաշրջանում եւ ամբողջ աշխարհում տեղի են ունենում աշխոյժ գործընթացներ, եւ շատ կարեւոր է, որպէսզի դաշնակիցները յաճախ հանդիպեն, զրուցեն, ինչպէս դուք ասացիք` «ճշգրտեն ժամերը»: Ի հարկէ, ցաւօք, առայժմ չի կարելի ասել մեր տարածաշրջանում իրավիճակի լիարժէք կայունացման մասին: Ինչպէս դուք նկատեցիք, ԼՂ հակամարտութիւնը մնում է չլուծուած, եւ հասկանալի է, որ հակամարտութեան կարգաւորման ու ընդհանրապէս` մեր տարածաշրջանում անվտանգութեան ապահովման հարցում առանցքային դեր է խաղում Ռուսաստանը, որ հանդիսանում է նաեւ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահող երկիր: Իհարկէ, այս բոլոր հարցերը շատ կարեւոր են, առանցքային հարցեր են, եւ ես շատ ուրախ եմ այս ամբողջ օրակարգը ձեզ հետ քննարկելու առիթի համար», ըսաւ Փաշինեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement