Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ 9 Համայնքներու Մէջ

By Asbarez | Thursday, 21 October 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- 17 Հոկտեմբերին տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համամասնական ընտրակարգով հերթական ընտրութիւններ Շիրակի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մարզերու 6 համայնքներու մէջ, իսկ Արագածոտնի, Արմաւիրի եւ Լոռիի մարզերու 3 համայնքներու մէջ՝ մեծամասնական ընտրակարգով:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփեց ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները, որոնք կը պարզեն հետեւեալ պատկերը.

Գորիս. «Առուշ Առուշանեան» դաշինք՝ 6269 քուէ, «Հայ ազգային կոնգրես» կուսակցութիւն՝ 282, «Քաղաքացիական պայմանագիր»՝ 3568:

Գիւմրի. «Հայրաքաղաք» դաշինք՝ 1162 քուէ, «Արժանապատիւ ուղի» կուսակցութիւն՝ 388, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն՝ 1333, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն՝ 7785, «Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութիւն՝ 2793,  Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութիւն՝ 260, «Գիւմրին կրնայ» դաշինք՝ 904, «Բալասանեան դաշինք» կուսակցութիւն՝ 9637, «Թասիբով» դաշինք՝ 586, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն՝ 1489։

Տաթեւ. «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն՝ 337 քուէ, «Շանթ» դաշինք՝ 949, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն՝ 1280։

Տեղ. «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն՝ 806 քուէ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն՝ 1501:

Դիլիջան. «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն՝ 1927 քուէ, «Հայրենիք» կուսակցութիւն՝ 219, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն՝ 514, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն՝ 4591, «Քաղաքացու որոշում» կուսակցութիւն՝ 605:

Մեղրի. «Ազատական» կուսակցութիւն՝ 716 քուէ, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն՝ 487, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն՝ 2133, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն՝ 1637:

Ըստ նախնական տուեալներու՝ ընտրութիւններուն մասնակցեցան քուէարկելու իրաւունք ունեցող 166 հազար 753 քաղաքացիներէն 55 հազար 410ը կամ՝ 33.23 տոկոսը:   Ընտրողները աւելի աշխոյժ եղած են Սիւնիքի մարզի Տաթեւ, Տեղ, Մեղրի եւ Գորիս համայնքներուն մէջ: Ամէնէն քիչ մասնակցութիւնը արձանագրուեցաւ Գիւմրիի մէջ՝ 24.14 տոկոս:

Յատկանշական է, որ Գորիսի մէջ քուէներու բացարձակ առաւելութեամբ՝ ստանալով 6269 քուէ կամ ընտրողներու ձայներուն 60.28 տոկոսը, վերընտրուեցաւ քաղաքապետ Առուշ Առուշանեան, որ կը գտնուի բանտը, իսկ մինչեւ անոր ազատ արձակումը քաղաքապետի պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս կը կատարէ փոխքաղաքապետ Մենուա Յովսէփեան։ «Առուշ Առուշանեան» դաշինքի հիմնական մրցակիցն էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որուն օգտին քուէարկեցին 3568 անձեր կամ՝ 34.3 տոկոս:

Մ. Յովսէփեան դիտել տուաւ, որ ժողովուրդը ընտրեց Առուշ Առուշանեանը, որովհետեւ ականատես եղաւ Գորիսի մէջ տարուած մեծածաւալ աշխատանքներուն: Փոխքաղաքապետը վստահեցուց, որ Առուշ Առուշանեանի որդեգրած քաղաքականութիւնը իրենք պիտի շարունակեն մինչեւ վերջ: «Պայքարելու ենք արդարութեան եւ ճշմարտութեան համար», շեշտեց ան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement