Պիտի Խստացուի Սփիւռքահայերուն Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու Կարգը

By Asbarez | Monday, 18 July 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Սփիւռքահայերուն համար Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու կարգը պիտի խստացուի:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Իրաւական նախագիծերու հրապարակման միասնական կայքին վրայ ներկայացուց «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու վերաբերող օրինագիծը, որmով կ՛առաջարկուի ազգութեամբ հայ Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցող անձին կողմէ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու համար իբրեւ պարտադիր պահանջ սահմանել Հայաստանի մէջ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին առնուազն 60 օր օրինական հիմքով բնակելու կամ գտնուելու հանգամանքը:

Նախագիծին մէջ կը նշուի, որ, ըստ Սահմանադրութեան, ազգութեամբ հայերը Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատելու պահէն ունին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու իրաւունք, սակայն «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքով սահմանուած չէ, թէ ո՛ր պահէն անձը կը նկատուի Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած:

«Մասնաւորապէս, ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող 18 տարին լրացած, գործունակ, օտարերկրեայ պետութիւնում բնակուող կամ Հայաստանում օրինական հիմքով բնակուող (գտնուող) իւրաքանչիւր անձ իրաւունք ունի դիմելու ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար, եթէ օրէնքով սահմանուած կարգով վերջին երեք տարին մշտապէս բնակուել է Հայաստանում: Սահմանւում է, որ ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող ազգութեամբ հայ անձը, որի խնամակալը ՀՀ քաղաքացի է, կարող է ստանալ քաղաքացիութիւն առանց վերոյիշեալ պահանջների պահպանման: Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացում օրէնքն առաւել մեծ հնարաւորութիւն է սահմանել ազգութեամբ հայերի համար, քան ամրագրուած է Սահմանադրութեամբ», կը նշուի հիմնաւորման մէջ:

Գործող օրէնքին նկատակը, ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան` հայրենադարձութիւնը խթանելն է, սակայն ծառայութեան կողմէ վերջին տարիներուն կատարուած ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ ազգութեամբ հայ ըլլալու հանգամանքով պայմանաւորուած Հայաստանի քաղաքացիութիւն հայցող անձերու ստուար զանգուածը, յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրներու` Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի քաղաքացիները, երբեւէ չեն այցելած Հայաստան կամ ժամանած են հազուադէպ` 4-5 տարին անգամ մը, «իսկ որոշ դէպքերում ժամանել են միայն Հայաստանի քաղաքացիութիւն հայցելու նպատակով եւ, որպէս կանոն, չեն իրականացնում հայանպաստ գործունէութիւն: Բացի այդ, եղել են նաեւ դէպքեր, երբ քաղաքացիութիւն ստանալուց յետոյ ՀՀ քաղաքացու անձնագրերը օգտագործել են միայն այլ պետութիւններ ճամբորդելու հնարաւորութիւն ունենալու համար»:

ԱԱԾն յանգած է այն եզրակացութեան, որ ազգութեամբ հայերուն համար սահմանուած խրախուսող կանոնները փաստօրէն ոչ-ամբողջապէս կ՛ապահովեն օրէնքին մէջ ներդրուած նպատակներու իրականացումը:

«Ակնյայտ է, որ օտարերկրեայ պետութիւնների դէպքում, յատկապէս առանձին դէպքերում ներքաղաքական սուր լարուածութեան եւ ռազմական գործողութիւնների գօտիներում, ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմից սահմանափակ ռեսուրսներով, կարճ ժամկէտներում ՀՀ քաղաքացիութիւն հայցող անձի ներկայացրած կենսագրական տուեալների, այդ թւում` ազգութեամբ հայ լինելու փաստի արժանահաւատութեան անհրաժեշտ խորը եւ բազմակողմանի ստուգում իրականացնելը յաճախ անիրատեսական է դառնում», կը նշուի հիմնաւորման մէջ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement