ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան Մուտքը Արգիլուեցաւ

By Asbarez | Monday, 18 July 2022



Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան 14 Յուլիսին, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին միջոցաւ տեղեկացուց, որ իր Հայաստան մուտքը արգիլուած է եւ ինք Հայաստանի մէջ «անբաղձալի անձ» հռչակուած է:

168TV կայանէն Փափազեան փոխանցեց մանրամասնութիւններ, թէ ինչպէ՛ս «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ արգիլուեցաւ Հայաստան իր մուտքը։ Պաշտօնեաները անձնագիրներու վերահսկողութեան հատուածին մէջ իրեն գրեթէ 30 վայրկեան սպասցուցած են, առանց պարզաբանելու, թէ ինչ հարց կայ Հայաստան իր մուտքին վերաբերեալ:

«Ես կը հարցնէի, թէ ի՛նչ է հարցը, խնդիր կա՞յ, բայց ինծի բացատրութիւն չտուին, ապա զիս տարին առանձին սենեակ մը, ուր 1 ժամ սպասեցի առանց անձնագիրի եւ աւելի ուշ, զիս տարին «տրանզիտ» գօտին, այնտեղ հասկացայ, որ վտանգ մը կայ, որ ինծի արգիլեն Հայաստան մտնել: 3.5 ժամ ետք իմացայ, որ Հայաստան իմ մուտքը արգելուած է», նշեց Փափազեան՝ աւելցնելով, որ իրեն ըսած են, թէ իր մուտքը արգիլուած է կառավարութեան որոշումով:

«Air France-ի պաշտօնեաները եկան մօտս. իրենց բացատրեցի, անշուշտ, հարց չկար, Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը դիմաւորեց զիս օդանաւէն դուրս, համակրանքով դիմաւորեցին, որովհետեւ զիս կը ճանաչնան, գիտեն, թէ ով եմ, ինչ դեր ունիմ Ֆրանսայի մէջ ի նպաստ Հայաստանի, ի նպաստ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն, ի նպաստ Արցախին, ի նպաստ Հայ Դատին, իսկապէս ամօթ է: Սիրտս խառնուած է, որ Հայաստանի մէջ կան նման իշխանութիւններ, որոնք ճեղք կը բանան Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Այսօր Նիկոլ Փաշինեանի վարչակարգը ինծի կ՛արգիլէ Հայաստան մուտք գործել: Պատճառը չեմ գիտեր, բայց շատ հետաքրքրուած եմ իմանալու: Բայց այս կը նշանակէ, որ իրենք կը ձգտին տկարացնել Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները եւ տկարացնելով Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները՝ կը տկարացնեն թէ՛ Սփիւռքը, թէ Հայաստանը», ըսաւ Փափազեան՝ աւելցնելով, որ այս գծով յստակացումի համար դիմած է Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան։

Աւելի ուշ, ՀՅԴ Բիւրոն խստօրէն դատապարտեց Փափազեանի մուտքը արգիլելու քայլը, զայն «Հայաստանի ապազգային իշխանութիւնների սահմաններ չճանաչող անհանդուրժողականութիւնը» համարելով եւ աւելցնելով. «Ցաւալիօրէն յատկանշական է, որ Թուրքիայում եւ Ադրբեջանում անցանկալի անձ յայտարարուած Մուրադ Փափազեանը հիմա արդէն անցանկալի անձ է փաշինեանական իշխանութիւնների համար: Ազգային գործիչներին թիրախաւորելու եւ սփիւռքահայերին Հայաստանից օտարելու փաշինեանական ծանօթ ձեռագիրն է: Սա հարուած է համահայկականութեան գաղափարի իրականացման ճիգին, ժողովրդավարութեան լուրջ նահանջ է Հայաստանում եւ բռնապետութեան հաստատման ակնյայտ դրսեւորում»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement