Հայաստանը Արցախին Կապող Նոր Ճամբու Շինարարութիւնը Պիտի Սկսի Օգոստոսին

By Asbarez | Friday, 05 August 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանը Արցախին կապող նոր` Լաչինի միջանցքը փոխարինող ճամբուն շինարարութիւնը պիտի սկսի Օգոստոսին։ Այս մասին յայտարարեց Տարածքային կառավարման նախարարութիւնը:

Ատրպէյճանական կողմը արդէն աւարտին հասցուցած է գործը. Բերդաձորի գիւղերուն մէջ թուրք եւ ատրպէյճանցի շինարարները կը կուպրապատեն ճանապարհը: Կոռնիձորի տակ արդէն աւարտած են կամուրջի շինարարութիւնը:

«Այո՛, ճանապարհները իրօք սարքում են, էն ժամանակ սաղ սարեր են, հիմա հարթ ճանապարհ են սարքում», յայտնեց կոռնիձորցի Թամարա Աբրահամեան` աւելցնելով, թէ առաւել քան տարիէ մը ի վեր, վախէն կը ցնցուին ատրպէյճանական շինարարական պայթիվժւներէն: «Վախ ա էլի, որ կարող ա կրակոց ա, բայց կրակոց չի, պայթեցնում են, ճանապարհն են սարքում», ըսաւ Աբրահամեան:

Հայկական կողմը պէտք է կառուցէ Կոռնիձորէն Տեղ գիւղ տանող հատուածը: Գիւղին մէջ առայժմ շինարարներ չեն երեւիր: «Մեր կողմից ոչ մի աշխատանք չի կատարուել, Ադրբեջանի կողմից կատարուել է զուտ իրենց մասով` դէպի իրենց ճանապարհը, եւ կամուրջն են սարքել: Իսկ մեր կողմում ոչ մի աշխատանք դեռ չի իրականացուել, չափագրողներ եկել են, չափագրումներ կատարել են այն տարածքով, որ պիտի անցնի»,  «Ազատութեան» յայտնեց Կոռնիձորի համայնքապետարանի ներկայացուցիչ Լուսինէ Քարամեան:

Ան ըսաւ, որ շաբաթներ առաջ գիւղի յարակից տարածքին մէջ մասնագէտները հետազօտական աշխատանք կատարած են:

Կառավարութիւնը Յունիս ամսուան վերջին նիստին տուաւ որոշում, որուն միջոցաւ գումար կը յատկացուի ճամբաներու երկրաբաշխութեան, քարտէսագրական աշխատանքներուն համար, որոնց կարգին՝ Մ-12 Կոռնիձոր-Արցախ մայրուղիի վերակառուցման:

«Մեզ հասած տուեալներով` ճանապարհը երեւի կ՛անցնի դաշտամիջեան ճանապարհով, այսինքն` Կոռնիձորի յարակից դաշտավայրերով», ըսաւ Քարամեան:

Եռակողմ յայտարարութեամբ երեք տարուան ընթացքին Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ պիտի հաստատուի: Երեք տարին չանցած Ատրպէյճան ոչ թէ նախագիծի, այլ շինարարութեան աւարտի մասին կը խօսի: Հայկական կողմը նոր կը սկսի շինարարութեան:

Եռակողմ յայտարարութենէն ամիս մը չանցած, Ատրպէյճանի նախագահը արդէն կը յայտարարէր`պիտի կառուցեն Լաչինի միջանցքը փոխարինող ճամբան:

Հայասատան-Արցախ նոր երթուղիի երկայնքով նոյնպէս ռուս խաղաղապահներ պիտի տեղակայուին, այդպէս նախատեսուած է եռակողմ յայտարարութեամբ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement