Ճէֆրի Րոպըրթսըն կոչ կ'ուղղէ Աւստրալիոյ զօրակցելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին, կը քննադատէ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան

By armenia.com.au | Monday, 12 October 2020


« Ապահովութեան Խորհուրդը պէտք է անմիջապէս յղէ հարցը Միջազգային Ոճրադատ Ատեան, որ այժմ լիազօրուած է քննելու այն ոճիրը, որ գործուեցաւ Ալիեւի յարձակումով եւ օգնութեամբ Թուրքիոյ նախագահ Րէճէպ Թայիպ Էրտողանի»



ԼՈՆՏՈՆ – Տի Օսթրալիըն Օրաթերթը հրապարակած է կարեւոր յօդուած մը գրուած Լոնտոնաբնակ Աւստրալացի մարդկային իրաւունքներու իրաւաբան Պրն Ճէֆրի Րոպըրթսընի կողմէ, Թուրքիոյ կողմէ զօրակցութիւն ունեցող Ատրպէյճանական յարձակումներուն ընդդէմ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց:


Րոպըրթսըն կը քննադատէ Ատրպէյճանի փեթրօ – բռնատէր Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը, որ կը յայտարարէ թէ Հայկական կողմը հրահրած է այն որ արագ պիտի դառնայ մարդկային աղէտ, որուն մէջ Պաքուն կը գործածէ ողկոյզ-ռումբեր Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի քաղաքացիներուն դէմ:

«Ինք (Ալիէւը) կը հերքէ ըլլալու յարձակող կողմը, սակայն այս հաւատալի չէ: Յարձակումը ամէն տեսակէտով իրեն ի նպաստ է, որով Հայաստան ամէն ինչ կը կորսնցնէ եւ ոչ մէկ պատճառ կ'ունենայ կռիւ սկսելու: Հայաստան համաձայն գտնուած է խաղաղութեան խօսակցութեան սակայն Ալիեւ, յենուելով սպաննութեան եւ նուաճումի վրայ, մերժած է զայն» գրած է Րոպըրթսըն:.

Նախկին դատաւորը քննադատեց նաեւ Թուրքիան, որ կը հերքէ թէ ուղիղ մասնակցութիւն ունեցած է Ատրպէյճանական յարձակումներուն մէջ, նշելով այն փաստը որ Անգարայի կողմէ հովանաւորուած իսլամական ճիհատիսթ վարձկաններ տարածուած են շրջանին մէջ յաջողցնելու համար Ալիեւի ծաւալապաշտ նպատակները: « Հակառակ Թուրքիոյ հերքումներուն, Ֆրանսական, Ռուսական եւ Անգլիական լրատուական կազմակերպութիւններ փաստացիօրէն կը տեղեկացնեն որ անցեալ ամիս Թրքական ընկերութիւններ կռուողներ հաւաքագրած են Սուրիայէն եւվճարած անոնց, միանալու համար Ազերի ուժերուն: Այս փաստ է որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կանխաւ ծրագրած էին իրենց յարձակումը» աւելցուց Րոպըրթսըն: 

«Նաեւ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Երեւանի մէջ բացայայտած է որ Թրքական օդուժը ուղղակիօրէն կը հարուածէ Հայկական թիրախներ»:

Րոպըրթսըն շարունակեց պահանջել որ միջոցներ ձեռք առնուին ՄԱԿի Ապահովական Խորհուրդին կողմէ: «Ապահովութեան Խորհուրդը պէտք է անմիջապէս յղէ հարցը Միջազգային Ոճրադատ Ատեանին, որ այժմ լիազօրուած է քննելու այն  ոճիրը, որ գործուեցաւ Ալիեւի յարձակումով եւ օգնութեամբ Թուրքիոյ նախագահ Րէճէպ Թայիպ Էրտոկանի» ըսաւ ան:

Րոպըրթսըն նաեւ ըսաւ « Ալիեւ կը յայտարարէ թէ չճանաչուած Լեռնային Ղարաբաղը մաս կը կազմէ Ատրպէյճանին սակայն այս Սթալինի որոշումն էր որ 1923ին այդ մարզը կցեց Ատրպէյճանի: Այս իրաւակարգը չունէր շրջանը վերջին 25 տարիներուն երբ անոր բնակչութիւնը քուէարկած էր անկախութեան համար եւ շահած պատերազմ, որ մղուած էր յօգուտ ինքնորոշման»:

Ան աւելցուց « Միջազգային Օրէնքը թոյլ կու տայ  իրաւական անջատում ինչ որ տրուած է Արեւելեան Թիմորի եւ Քոսովոյի եւ այլոց, որ ի զօրու է Արցախի համար նաեւ»:

 

Րոպըրթսըն կոչ ուղղեց Աւստրալիոյ զօրաւիգ կանգնիլ Արցախի ինքնորոշման: « Անընդունելի պիտի ըլլար եթէ Արցախը գրաւուէր եւ իր ժողովուրդը սպաննուէր եւ փախուստի մատնուէր: Այս է յայտարարուած նպատակը Թուրքիոյ» ըսաւ Րոպըրթսըն:

«Սակայն հայերը դիմացկուն ազգ մըն են, վերածնած Օսմանական Թուրքիոյ կազմակերպած ցեղասպանութենէն, ուր սպաննուեցան 1,5 միլիոն Հայեր 1915-1916ի շրջանին: Անոնք ունին Սփիւռք, որ զօրաւոր է ԱՄՆի մէջ եւ այլուր (Հակառակ անոր որ ամենէն հանրածանօթը Քիմ Քարտաշեանն է սակայն Աւստրալիան կրնայ հպարտանալ Ճօ Հօքիով եւ Գլատիս Պէրէճիքլեանով)»:

«Անոնք Արցախը պիտի չյանձնեն: Աւստրալիան պէտք չէ երկմտի զօրակցելու անոնց- ոչ յանուն Քրիստոնէութեան այլ յանուն ժողովրդավարութեան» եզրակացուց Րոպըրթսըն:

comments

Advertisement