By armenia.com.au | Thursday, 26 May 2022
Երեքշաբթի 24 Մայիս 2022-ին երեկոյեան Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց Աւստրալահայ գաղութի ազգային եւ հասարակական գործիչ, ՀՅԴաշնակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Համազգայինի նուիրեալ ընկերուհի Արշալոյս Վարդուկեանը:
Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:
Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի 30 Մայիս 2022-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ մահախօսականը`
ԳՈՅԺ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ Աւստրալահայ գաղութի գործունեայ անդամներէն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, ՀՕՄի ու Համազգայինի նուիրեալ Ընկերուհի Արշալոյս Վարդուկեանի մահը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Արշալոյսի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական ԿոմիտէՍիտնի - Աւստրալիա
comments