Սիրելի հայրնակիցներ,
Վերջին շաբաթներու ընթացքին բոլորս ականատես եղանք Արցախի սահմանային շրջագծին եւ անոր անմեղ բնակչութեան հանդէպ կատարուած վայրագութիւններուն ։
Նկատի առնելով այս բոլոր իրողութիւնները, Հիւսիսային Սիտնիի Հ.Յ.Դ Արամ Մանուկեան կոմիտէութիւնը իր ենթակառույցներով ՝ Հ.Օ.Մ. Սօսէ, Հ.Մ.Ը.Մ Անդրանիկ Համազգային Շանթ, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան՝ Նիկոլ Դուման եւ Պատանեկան Միութեան՝ Գալէ մասնաճիւղերու , կազմակերպած է Արցախի Օժանդակութեան դրամահաւաք Սիտնիի Մշակութային Կեդրոնէն ներս:
Սոյն դրամահաւաքին պիտի մասնակցի նաեւ ՀՕՄ-ի Արազ մասնաճիւղը:
Երկուշաբթի 12/10/20-էն սկսեալ,
Առաւօտեան ժամը 11-2
Երեկոյեան ժամը 7-9
Շաբաթ եւ Կիրակի ժամը 3-9
Վերոյիշեալ միութիւններու անդամները ներկայ պիտի ըլլան կեդրոնէն ներս դիւրացնելու նուիրատութեան գործընթացքը:
Նուիրատութիւնը պիտի յատկացուի Հայաստանի Համահայկական Հիմնադրամին:
Շնորհակալութիւն ձեր համագործակցութեան:
Հիւսիսային Սիտնիի
Քոյր միութիւններ: