Աւստրալիոյ Նիու Սաութ Ուէյլզ նահանգի Օրէնսդրական ժողովը կը ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը

By armenia.com.au | Thursday, 29 October 2020



Սիտնի.- Աւստրալիոյ ամենամեծ նահանգի, ամենամեծ օրէնսդրական պալատը՝ Նիու Սաութ Ուէյլզի օրէնսդրական ժողովը որդեգրեց բանաձեւ մը, ճանչնալու Արցախայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքները, ընդունելու անոր անկախ պետութեան կարգավիճակը եւ դատապարտելու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ ներկայիս տեղի ունեցած յարձակումները, յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը:

Բանաձեւը ներկայացուած էր փրոսփէքթի խորհրդարանի անդամ՝ դոկտ. Հյու Դեկտրմոտի կողմէ, կառավարութեան անունով երկրորդուեցաւ Ռայտի պատգամաւոր՝ Վիքթոր Տոմինելլոյի կողմէ: Յօգուտ բանաձեւին, ելոյթ ունեցաւ նաեւ Մուլկոուայի պատգամաւոր՝ Տիկ. Թանիա Տէյվիզ, իսկ բանաձեւին դէմ ելոյթ ունեցաւ Օպըրնի պատգամաւոր՝ Տիկ. Լինտա Վոլց:

Բանաձեւի որդեգրումը ձեռք ձգուեցաւ 61 թեր եւ 2 դէմ ձայներով:

Այս բանաձեւի որդեգրումը կը նշանակէ, թէ Նիու Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի երկու պալատները ճանչցած են Արցախի Հանրապետութիւնը, որը կու գայ յաջորդելու 2012-ին նահանգի օրէնսդրական խորհուրդի Արցախահայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման: Նիու Սաութ Ուէյլզի նահանգապետուհի, պատգամաւոր՝ Գլատիս Պէրէճիքլեան, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողի մը թոռն է, երկու տարբեր առիթներով այցելած է Արցախ, այդ պատճառաւ անցած է բռնապետ Իլլհամ Ալիեւի անընդունելի անձնաւորութիւններու սեւ ցուցակին:

Նոյն սեւ ցուցակին մաս կազմող, նախապէս Արցախ այցելող՝ Հիու Դեկտրմոտ պաշտպանեց վերոյիշեալ բանաձեւը եւ իր ելոյթով խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի ներկայի նախայարձակումները:

«Ազրպէյճանը կը շարունակէ դիտումնաւոր կերպով հռթիրակոծել քաղաքացիական կեդրոններ, հակառակ վերջին մարդասիրական հրադադարին», ըսաւ ան:

«Աւստրալիան արտասովոր կարեկցութիւն ցուցաբերած է Հայ ժողովուրդի նկատմամբ եւ կարեկցութիւն պէտք է ցուցաբերէ նաեւ այսօր Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն նկատմամբ, վստահ ըլլալու, թէ անոնք Հայկական Ցեղասպանութենէնկ 105 տարիներ ետք անգամ մը եւս հալածանքներու դիրախ չդառնան: Մենք պէտք է շարունակենք Անզաքներու ժառանգութիւնը եւ պաշտպանենք հայերը ցեղասպանական գաղափարախօսութենէն, որ կը նպատակադրէ մէկընդմիշտ արմատախիլ ընել զանոնք»:

«Դժբախտաբար, համաթուրանական այս գաղափարախօսութիւնը, որ պատճառ դարձաւ 1.5 Միլիոն Հայերու ցեղային բնաչնչման եւ որուն դէմ պայքարեցան մեր Անզաքները խորհելով, թէ ընդմիշտ պարտութեան մատնած են զայն, վերստին յառաջացած եւ կեանքի եկած է: Այնուամենայնիւ, Աւստրալիոյ վճռակամութիւնը չի տապալիր: Ժամանակակից օսմանցիները, որոնք խեղադիւրուած են իրենց նախնիներու ծաւալապաշտ երազանքներով, Ազրպէյճանի Ալիեւն ու Թուրքիոյ Էրտողանն են, որոնք այսօր կ’ահաբեկեն բնիկ Արցախահայութիւնը:», աւելցուց Դեկտրմոտ:

1997 եւ 2013 թուականներուն, Նիու Սաութ Ուէյլզի այս նոյն Օրէնսդիր ժողովը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս բանաձեւը, ինչպէս նաեւ անոր նախորդողները կոչ կ’ուղղեն Աւստրալիոյ Դաշնակցային կառավարութեան ճանչնալ նաեւ Արցախի Հանրապետութիւնը, որպէս հակամարտութեան միակ մշտական լուծում, խուսափելու համար յետագայի ռազմական նման նախայարձակումներու փորձերէն:

«Միջազգային ներման կազամակերպութիւնը արդէն իսկ յայտնած է Ազրպէյճանի կողմէ արգիլուած ռումբերու օգտագործումը Ստեփանակերտի խաղաղ բնակիչներուն վրայ: Մինչեւ օրս տասնեակ բնակիչներ նահատակուած են եւ հարիւրաւորներ վիրաւորուած այդ յարձակումներուն պատճառաւ: Քաղաքացիական ենթակառոյցներ, հասարակական եւ ճարտարարուեստական նպատակակէտեր քանդուած են եւ մօտաւորապէս 24 հազար աշակերտներ զրկուած են ուսման իրաւունքէն այս յարձակումներուն անխնայ բնոյթին պատճառաւ:», ըսաւ բանաձեւը երկրորդող Վիքթոր Տոմինելլոն:

«Այս կասեցնելու համար, աշխարհը պէտք է թիկունք կանգնի Արցախահայութեան եւ ճանչնայ անոր ազատ ինքնորոշման իրաւունքը: Այս պահուն լուռ մնալը արդարութեան, ճշմարտութեան եւ անկեղծութեան հանդէպ ամօթալի արարք է: Այս բանաձեւը ուժեղ նամակ մը կը փոխանձէ Պաքուի եւ Անգարայի, թէ ահաբեկչութիւնը հանդուրժելի չէ, միջազգային ժողովրդավարական կանոններու անպատկառութիւնը պիտի մերժուի եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները արդարացիօրէն պիտի դատապարտուին: Մենք կը զօրակցինք Արցախահութեան:», աւելցուց Տոմինելլոն:

Մուլկոուայի պատգամաւոր՝ Տիկ. Թանիա Տէյվիզ իր ելոյթով կրքոտ կերպով պաշտպանեց բանաձեւը: «Աւելի քան դար մը առաջ, Հայ ժողովուրդը չէր որոներ եւ ոտնձգութիւն չէր հրահրեր իր ազատութեան կամ կենցաղին դէմ», ըսաւ ան: «Անոնք չէին սպասեր եւ ոչ ալ կը հրաւիրէին ցեղասպանութեան հետ ըննդիմութիւն, սակայն այսօր թաքուն կերպով կը դիմագրաւեն, ինչ որ դիմագրաւած էին իրենց նախնիները: Նոյն սարսափներն ու անզգայ մահը, որ տակաւին չեն ճանչցուած մեր մեծ ազգին կողմէ»:

Թուրքեան տակաւին կը տարածէ Սուրիոյ հակամարտութենէն մահմետական պատերազմող վարձկաններ, պատերազմելու Ազրպէյճանի կողքին ռազմական այս յակայարձակումներուն ընթացքին եւ ծաւալելու իր գործունէութիւնը կովկասի մէջ: Թուրքիան ֆինանսաւորած է նաեւ յատուկ ջոկատներ, զինուած անօդաչու սարքեր եւ F-16 կործանիչներ:

Մինչ, Լինտա Վոլց դէմ արտայայտուեցաւ բանաձեւին ըսելով՝ «Այս բանաձեւի բովանդակութիւնը պէտք չէ ներկայացուի Նիու Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանին: Այդ միմիայն դաշնակցային խորհրդարանի գործն է եւ այս խորհրդարանը չի կրնար որեւէ ազդեցութիւն ունենալ այդ հարցին առնչութեամբ, բացի պարակտում հրահրելէ: Անդամները կրնան ցանկութիւն ունենալ անդրադառնալու, թէ այս հարցը ինչու քննարկման ենթակայ չէ դաշնակցային խորհրդարանին մէջ»:

Տէյվիզ հերքեց Վոլցի յայտարարութիւնը, ըսելով՝ «Այն իրականութիւնը, թէ տարբեր մակարդակի կառավարութիւններ ունին պատասխանատուութիւնը բանակցելու, քննարկելու եւ խօսելու այս հարցերը միջազգային ատեաններու մէջ եւ արտայայտուելու մեր ազգին անունով, որեւէ ձեւով պէտք չէ նշանակէ, թէ այս երկրին մէջ որեւէ այլ անձ պէտք է լռէ: Ես սրտանց վշտացած եւ յուզուած եմ, որովհետեւ Օպըրնի պատգամաւորը այստեղ կը փորձէ խեղդել մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտման առնչութեան տեղի ունեցած քննարկումները: Հարցը կը վերաբերի մարդու իրաւունքներու ոտնահարման եւ այս իւրաքանչիւր անձի հնարաւորութիւն կու տայ արտայայտուիլ անոր դէմ, անկախ իր կրած քաղաքական նշանակէն»:

Իր վերջին խօսքին մէջ, նախքան եզրակացնելը Դեկտրմոտ իր կարքին հերքում արտայայտեց, ըսելով՝ «Աշխարհը պէտք չէ լռէ: Ան պէտք է լսէ այս մարդոց աղաղակները, որոնք կը ցանկան առանց սպառնալիքներու ապրիլ իրենց լեռներուն  մէջ, ուր կերտուած է իրենց հայկական ինքնութիւնը: Աւստրալիան եւ Նիու Սաութ Ուէյլզը պէտք է կանգնին պատմութեան աջ կողմը, ինչպէս ըրին ասկէ 105 տարիներ առաջ եւ ապահովել թէ Հայ ցեղային փոքրամասնութիւնը հալածանքի չենթարկուի եւ չբնաչնչուի այն երկիրներէն, ուր կերտուած է իր ինքնութիւնը»:

«Այսօր ես ուրախ եմ, որ կը ճանչնանք Արցախի Հանրապետութիւնը: Այլ կերպ վարուիլ կը նշանակեր դաւաճանել մեր ժողովրդավարական արժէքներուն եւ Անզաքներու զոհաբերումի ժառանգութեան: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ պալատին», ըսաւ ան:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան ողջունեց այս պատմական բանաձեւը, շնորհակալութիւն յայտնեց բանաձեւի պաշտպաններուն, վարաքոյրի ետեւ բոլոր աշխատողներուն եւ 61 օրէնսդիրներուն, որոնք ապահովեցին Աւստրալիոյ ամենամեծ նահանքի խորհրդարանի երկու պալատներու ճանաչումը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան:

«Պատշաճեցում է, թէ 8 Միլիոն բնակչութիւն ունեցող նահանգ մը, որ տունն է Սիտնիի նաւահանգիստի կամուրջին եւ Օփերայի տան, ոչ միայն ճանչնայ Արցախի հանրապետութիւնը, այլ դատապարտէ բռնապետներ Ալիեւի եւ Էրտողանի նախայարձակման եւ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղել Աւստրալիոյ Դաշնակցային կառավարութեան յետեւիլ իր օրինակին», ըսաւ ան:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք դոկտ. Հիու Մակդերմոտին, պրն. Վիքթոր Տոմինելլոյին, տիկ. Դանիա Տէյվիսին եւ Նիու Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանաի ներկայացուցիչներու մեծամասնութեան, վստահեցնելու համար թէ Արցախը ունի ձայն եւ այդ ձայնը կը լսուի աշախարհի ամենամեծ նահանգներէն մէկուն մէջ», աւելցուց Գայսէրեան:


Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ՝ պրն. Քայլար Միքայելեան իր կարգին կրկնեց այս տրամադրութիւնները:

«Արցախի Հանրապետութեան հերոս բնիկ ժողովուրդը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Նիու Սաութ Ուէյլզին», ըսաւ ան:

«Արցախահայութիւնը, Ստեփանակերտէն մինչեւ Շուշի եւ անկէ անդին, աննկատ չի կրնար ըլլալ, թէ Աւստրալիոյ ամենամեծ նահանգի, ամենամեծ օրէնսդիր պալատը ուս ուսի տուած կանգնած է մեր երիտասարդ հանրապետութեան եւ մեր ինքնորոշման իրաւունքի կողքին», աւելցուց ան:

comments

Advertisement