Երեսփոխաններ Միացած Են Աւստրալիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նախաձեռնութեան

By Aztag Daily | Sunday, 08 August 2021



Աւստրալիոյ խորհրդարանի արդէն 29 երեսփոխաններ միացած են փետրուար 2020-ին մեկնարկած տեղւոյն հայ, ասորի եւ յոյն համայնքներու նախաձեռնութեան` 20-րդ դարու սկիզբին Օսմանեան կայսրութեան մէջ վերջիններուս ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ նախաձեռնութեան: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը:

Նախաձեռնութեան միացած վերջին երեսփոխանը Թրենթ Ցիմըրմանն է, որ 2019-ին եղած է Հայաստանի մէջ եւ այցելած Ծիծեռնակաբերդ ու Ցեղասպանութեան թանգարան:

Ցիմըրման ներկայիս Աւստրալիա-Հայաստան միջխորհրդարանական միութեան համանախագահն է: Ան Աւստրալիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած է ճանչնալու հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները, ինչպէս նաեւ յիշեցուցած է Աւստրալիոյ առաջին մեծ միջազգային մարդասիրական օգնութեան մասին, որ ուղղուած եղած է 1915 թուականի սարսափները վերապրողներուն օգնութեան ցուցաբերման:

comments

Advertisement