Աւստրալիոյ Խորհրդարանին Մէջ Խօսեցան Ատրպէյճանի Յարձակումի Հարցին Մասին

By Asbarez | Monday, 01 November 2021



ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդեց, որ Աւստրալիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ճոն Ալեքսանտր երկրի խորհրդարանին մէջ անդրադարձաւ Արցախի Հանրապետութեան վրայ Ատրպէյճանի հրահրած յարձակումներու առաջին տարելիցին, զայն նկատելով Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգական յիշեցում։

«Երբ 2019ին այցելեցի Արցախ, ես ապշած էի դրացիին մնայուն սպառնալիքին տակ գտնուող տարածքի բնականոն կեանքով ապրելու փաստէն։ Ես ապշած էի իմ այցելած քաղաքներուն մարդոց տոկունութեամբ։ Բայց միայն տարի մը ետք, մենք տեսանք տեղահանուածներով խցանուած ճամբաներու ողբերգական պատկերներ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու գրեթէ 100 տարի առաջ առնուած պատկերներու ուղղակի համադրում մը», իր խօսքին մէջ ըսաւ Ալեքսանտր, որ նաեւ Աւստրալիոյ խորհրդարանի Ենթակառուցուածքներու, փոխադրութեան եւ քաղաքներու մնայուն յանձնախումբի ատենապետն է։

Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց անեալ տարի Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումներուն պատճառով շարունակուող մարդասիրական եւ քաղաքական ճգնաժամին ուղղութեամբ։

«Իրենց տուներէն վտարուած են 100,000 հայ խաղաղ բնակիչներ եւ հարիւրաւոր հայեր գերի կը պահուին։ Բռնութիւնները պէտք է կասեցուին, հրադադարը պէտք է պահպանուի», ըսաւ Ալեքսանտր՝ աւելցնելով. «Երբ պետութիւնները կը խօսին պատերազմի մասին, միշտ կը տուժեն այնտեղ գտնուող մարդիկ՝ Արցախի ժողովուրդը»։

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան ողջունեց Ալեքսանտրի հրապարակային ելոյթը։

«Հայերու դէմ 44օրեայ ահաբեկչութիւն սանձազերծելէ եւ զինադադարէն տարի մը ետք, Ատրպէյճան կը շարունակէ բռնագրաւած պահել Արցախը, նաեւ ոտնձգութիւններ կատարելով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս», ըսաւ Գայսէրեան։

Աւստրալիոյ պաշտպանութեան նախկին նախարար, պատգամաւոր Ճօէլ Ֆիցկիպոն եւս խորհրդարանին մէջ վերջերս կոչ ըրաւ Աւստրալիոյ կառավարութեան՝ հրապարակաւ դատապարտելու Ատրպէյճանի ռազմատենչ կեցուածքը՝ խաղաղ եւ ժողովրդավարական Արցախի Հանրապետութեան դէմ։

comments

Advertisement