Յայտարարութիւն - Դէպի Աննահանջ Պայքար

By ARF AU | Wednesday, 20 July 2022



2020 Սեպտեմբերի պատերազմէն ի վեր Հայրենիքը կը գտնուի վտանգաւոր եւ անկիւնադարձային իրավիճակի մէջ:

Իշխանութեան հասած ղեկավարութեան վարած քաղաքականութիւնը փաստեց որ ձախողած է զանազան ճակատներու վրայ .-

Ներքին առումով՝ ժողովուրդը խաւերու բաժնելով եւ պառակտում ստեղծելով, Համազգային առումով՝ Սփիւռքի եւ Հայրենիքի միջեւ կապերու ապակայունացման քայլեր առնելով, Ազգային առումով՝  Արցախեան 44 օրուայ պատերազմի ընթացքին անկատար խոստումներէն յառաջացած խայտառակ պարտութեան պատասխանատուութենէն խուսափելով եւ վերջապէս արտաքին քաղաքականութեան ու դիւանագիտական առումով՝ զիջումներու դիմելով որոնք կու գան դրսեւորելու այս իշխանութեան քաղաքական տհասութիւնը:

Այս բոլորի կողքին  իշխանութեան տարած պայքարը թէ' ընկերային տնտեսական բարենորոգումներու գծով եւ թէ' արտագաղթը դադրեցնելու առնչութեամբ եւ նոյնիսկ փտտածութեան դէմ պայքարով  չկրցաւ հասնիլ այն տեղն՝  ուր ժողովուրդը կ'ակնկալէր:

Հիասթափած է Հայ ժողովուրդը:

Դիմադրութեան ժողովրդային շարժումը որ մի քանի ամիսներ առաջ ծնունդ առաւ եկաւ ըլլալու արդար արտայայտիչը ժողովուրդի ներկայ իշխանութենէն ու անոր վարած քաղաքականութենէն ընդվզումին եւ դժգոհանքին:

Այս բոլորէն մեկնած կը հաւատանք որ այս իշխանութիւնը մեր ազգը դէպի անդունդ կը տանի: Բաւարար է արդէն լսել վարչապետի ու անոր շուրջ հաւաքուած խաւին արտայայտութիւններն ու վարած քաղաքականութիւնը այդ մէկը հաստատելու:

Ամենահիմնական այս հաստատումները կատարելով եւ Հայաստանի ու Արցախի ներկայ կացութիւնը ինչպէս միշտ, առաջնահերթ դասելով, կու գանք մեր ժողովուրդին վստահեցնելու, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ շրջանը իր ուղեկից միութիւններով, Երիտասարդական ու Պատանեկան միութիւններով ու համակիր զանգուածներով խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու վառած ապազգային քաղաքականութիւնը: Քաղաքականութիւն մը որուն վերջին արարքներէն մէկը՝ արգիլել  ՀՅԴ Բիւրոյի  անդամ Ազգային Գործիչ՝ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայրենի կու գայ հաստատելու թէ այս իշխանութեան գործելաոճը միայն կը նպաստէ մեր թշնամիներուն:

Այս իշխանութիւնը իր վարած  քաղաքականութեամբ կը հաստատէ թէ ցեղասպանութեան հարցը եւ Արցախի հայկականութիւնը սակարկութեան առարկայ դարձուած են: Այս քաղաքական արկածախնդրութեամբ չեն կրնար եւ պէտք չէ շարունակեն մեր երկիրը ղեկավարել:

Այսօրէ աւելի քան երբեք մեր Հայրենիքը իր զոյգ հանրապետութիւններով կարիքը ունի մեր անսակարկ աջակցութեան: Ուստի, «Յարատեւ Կռիւ»ի լոզունգի հաւատացող ՀՅԴ Աւստրալիոյ կազմակերպական կառոյցը պիտի շարունակէ պայքարիլ յանուն Հայաստանի անվտանգութեան, յանուն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանման, յանուն Ցեղասպանութեան արդար լուծումին, յանուն արդար Հայաստանի եւ յանուն մեր ժողովուրդի ազգային շահերու պաշտպանման:


Յառաջ դէպի աննահանջ պայքար:



comments

Advertisement