Դաշնակցային Խորհրդարանը բանավէճէ ետք միաձայնութեամբ կոչ ըրաւ Աւստրալիոյ Կառավարութեան ճանչնալու Հայոց, Ասորիներու եւ Յոյներու Ցեղասպանութիւնը

By ANC-AU | Wednesday, 01 December 2021



ՔԱՆՊԵՐԱ – 29 Նոյեմբեր 2021ին, Դաշնակցային Խորհրդարանի Ներկայացուցիչներ,  բանավէճէ ետք, միաձայնութեամբ կոչ ըրին Աւստրալիոյ Կառավարութեան ճանչնալու Հայոց, Ասորիներու եւ Յոյներու Ցեղասպանութեանց, տեղեկացուց Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը:

Բանաձեւը յարգանքի տուրք մատուցեց մօտ օրէն նշելի Ցեղասպանութեան Ոճիրի Զոհերու Յիշատակի եւ Արժանապատուութեան եւ Այդ Ոճիրին Կանխարգիլման Միջազգային Օրուան եւ հարկադրանքի տակ դրաւ Աւստրալիոյ Կառավարութիւնը, որպէս ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան Պայմանագիրը ստորագրող կողմ, տէր կանգնելու իր պարտաւորութեանց՝ ճանչնալով «1915էն 1923ի միջեւ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ Հայերու, Ասորիներու, Յոյներու եւ այլ Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու դէմ կիրարկուած ցեղասպանութիւնը»:

Հիւսիսային Սիտնիի Խորհրդարանի պատգամաւոր Թրէնթ Զիմըրման առաջարկեց բանաձեւը Աւստրալիոյ Խորհրդարանին մէջ, որ երկրորդուեցաւ Աւստրալիա-Հայաստան Միջ-Խորհրդարանական Միութեան փոխատենապետ եւ նախկին Պաշտպանութեան նախարար, Հանթըր շրջանի պատգամաւոր Ճոէլ Ֆիցկիպընի կողմէ:

Որպէս ատենախօսներ, այս երկու ներկայացուցիչներուն միացան խորհրդարանի անդամներ, Պենելոնկի պատգամաւոր Ճոն Ալեքսանդր, Մաքնամարայի պատգամաւոր՝ Ճոշ Պըրնս, Պէրօրայի պատգամաւոր՝ Ճուլիըն Լիսըր, եւ Ատըլէյտի պատգամաւոր՝ Սթիվ Ճորճանաս:

«Խորհրդարանը խօսեցաւ: Աւստրալիոյ Խորհրդարանի օրէնսդիր պալատը միաձայնութեամբ կոչ ուղղեց Աւստրալիոյ Կառավարութեան ճանչնալու Հայոց, Ասորիներու եւ Յոյներու Ցեղասպանութիւնները» յայտարարեց Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան:

Արդարութեան Միացեալ Նախաձեռնութիւնը (Joint Justice Initiative) կազմուած էր Աւստրալահայ, Աւստրալասորի եւ Աւստրլայոյն հանրային աշխատանք տանողներու ներկայացուցիչներով, ջատագովելու համար ցեղասպանութեանց ճանաչումը:

«Պատմական այս արդիւնքը առաջին օրէնսդրական յաջողութիւնն է Արդարութեան Միացեալ Նախաձեռնութեան, որ կը նշանակէ թէ մեր ընտրուած խորհրդարանականները այս բնագաւառէն ներս կը մերժեն օտար բռնատիրութեան մը կողմէ Աւստրալիոյ արտաքին քաղաքականութեան վրայ դրուած ճնշումը եւ անոնք կը միանան մեր համայնքներուն վարչապետ Սքոթ Մօրիսընի եւ իր կառավարութեան ուղղած կոչին՝ Ցեղասպանութիւնը կոչելու իր անունով», աւելցուց Գայսէրեան:

Ցեղասպանութեանց ճանաչման կարեւորութեան մասին Զիմըրմանի կոչը բացայայտ էր: «Ի հակասութիւն Գերմանիոյ, Օսմանեան պետութեան ժառանգորդ արդի Թուրքիան բացայայտօրէն կը դիմադրէ ցեղասպանութեան ճանաչման, միեւնոյն ատեն ոչ մէկ ճիգ կ'ընէ ամոքելու այս դէպքէն կոտտացող վէրքերը» բացատրեց Զիմըրման:



«Ժամանակը փոխոուած է: եւ Աւստրալիան պէտք է իր դերը խաղայ միանալով այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց եւ միւս Ցեղասպանութիւնները գործադրուած Օսմանեան իշխանութեան կողմէ: Այս արարքները սկսան 106 տարի առաջ եւ կը յամենան ցայսօր»:

Ֆիցկիպըն, արձագանգելով Զիմըրմանի կոչին՝ «Քիչ մը աւելի քան 106 տարի,աւելի քան 3 միլիոն Հայեր, Ասորիներ եւ Յոյներ կորսնցուցին իրենց կեանքերը իրենց ցեղային պատկանելիութեան եւ հաւատքին համար: Այդ ցեղասպանութիւն է: Այլ բառ չկայ զայն բնորոշող»: ըսաւ ան: «Եւ ժամանակն է, որ Աւստրալիոյ խորհրդարանը միանայ միւս բոլորին, որոնք ճանչցան զայն այնպէս ինչպէս է: Այս կարեւոր է ոչ միայն 1915ի դէպքերէն տուժածներուն համար տխուր շրջանի մը վերջ տալուն, բայց նաեւ աշխարհին տալու յստակ ազդանշան, որ ցեղասպանական վերաբերումը տանելի պիտի չդառնայ ազգերու ընտանիքին կողմէ»:



Ճոն Ալեքսանտր օգտագործեց այս բանավէճը կրկնելու համար իր հետեւողական հաստատումը. «Տասնեակ հազարաւոր Հայեր կը բնակին Աւստրալիա: Մենք աշխարհի հայկական ամենէն մեծ սփիւռքներէն մին ունինք: Մենք ունեցանք Հայ Գանձապետ մը, մեր երկրի ամենէն մեծ նահանգը մինչեւ վերջերս կը ղեկավարուէր Հայ նահանգապետով մը: Եւ տակաւին, ազգային մակարդակով, պաշտօնապէս չենք կրնար ընդունիլ Ցեղասպանութիւնը: Իմ շրջանիս քաղաքապետութիւնը ընդունած է զայն նաեւ՝ իմ նահանգս, սակայն այն կառավարութիւնը ուր ես կ'աշխատիմ՝ զայն չէ ճանչցած: Այս ամօթալի՛ է» ըսաւ Ալեքսանտր:



Ալեքսանտր աւելցուց. «Իմ այստեղ եղած ատեն հետապնդած եմ որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունուի մեր կառավարութեան կողմէ: Անցեալի խոցելի իրականութիւնները չճանչնալը առիթ կու տայ որ շարունակուին գործադրուիլ մարդկութեան դէմ քստմնալի ոճիրները զանոնք վայրագօրէն իրագործողներուն կողմէ»:

Պըրնս խօսեցաւ Նացի իշխանութեան կողմէ գրծադրուած ցեղասպանութեան իր ընտանիքին  ունեցած փորձառութեան, ինչպէս նաեւ 1915ի ցեղասպանութիւնները Աւստրալիոյ կողմէ ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին:



Պըրնս բացատրեց. «Ցեղասպանութիւն բառը յօրինուած էր Լեհ-Հրեայ փաստաբան Րաֆաէլ Լէմքինի կողմէ: 1944-ին ան Ողջակիզման հետ միայն չկապեց Ցեղասպանութիւնը, այլ որպէս աղբիւր նկատի ունեցաւ Հայերու, Ասորիներու, Յոյներու եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը 1915էն 1923ի միջեւ, ձեռամբ Օսմանեան Կայսրութեան: Մինչեւ օրս այս ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցուած Աւստրալիոյ Կառավարութեան կողմէ»:

Լիսըր ակնարկութիւն կատարեց Ցեղասպանութեան Ոճիրի Զոհերու Յիշատակի եւ Արժանապատուութեան եւ Այդ Ոճիրին Կանխարգիլման Միջազգային Օրուան նպատակին եւ զգուշացուց ցեղասպանութիւնը մերժելուն առթած վտանգներէն:



«Բնականաբար կապ մը կայ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Ողջակէզի մէջ: Հիթլէրի արտասանած նախադասութիւնն է, որ Հիւսիսային Սիտնիի ներկայացուցիչը մէջբերեց.« Ի վերջոյ այսօր ո՞վ կը խօսի Հայոց բնաջնջման մասին»: Այդ ցոյց կու տայ թէ ինչ կը պատահի երբ մարդիկ կը մոռնան թէ ինչ պատահած էր եւ անոնք թիւր կ'ըմբռնեն թէ ինչ է առանձնայատկութիւնը գործադրուած յատուկ ցեղասպանութեան մը» ըսաւ Լիսըր:

Ճորճանաս, որ ծագումով յոյն է, խօսեցաւ ի նպաստ բանաձեւին:



«Ես կը զօրակցիմ բանաձեւին, որ կը ճանչնայ Ցեղասպանութեան Ոճիրի Զոհերու Յիշատակի եւ Արժանապատուութեան եւ Այդ Ոճիրին Կանխարգիլման Միջազգային Օրը, նաեւ կը զօրակցիմ, որովհետեւ բանաձեւը գործնապէս կը ճանչնայ 1915-1923 Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ Փոքր Ասիոյ մէջ տեղի ունեցած Յոյներու, Հայոց, Ասորիներու եւ այլ փոքրամասնութեանց ցեղասպանութիւնները, արդի աշխարհի մարդկութեան դէմ գործուած ամենամեծ ոճիրներէն մին»:

Յանուն Արդարութեան Միացեալ Նախաձեռնութեան, Գայսէրեան աւելցուց. «Աւստրալահայ, Աւստրալասորի եւ Աւստրալայոյն համայնքները այժմ խրախուսուած են Խորհրդարանի ճանաչումով եւ զօրակցութեամբ: Մենք այս առիթը պիտի օգտագործենք կրկնապատկելու մեր ճիգերը կարենալ ապահովելու համար Աւստրալիոյ Կառավարութեան որպէս Ցեղասպանութիւն ճանաչումը ոճիրին, որ գործադրուեցաւ մեր նախահայրերուն դէմ»:

Կարեւոր յառաջխաղացք: Այսպիսով Ցեղասպանութեան թեման երկրորդ անգամ ըլլալով բանաձեւի պիտակի տակ կ'արծարծուի Աւստրալական Խորհրդարանին մէջ, առաջինը՝ 2018ին տեղի ունեցած բանավէճն էր՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը դիտուած Աւստրալիոյ գլխաւոր առաջին մարդասիրական ճիգի պրիսմակէն, որով Աւստրալիան օգնութիւն հասցուց 1915ի ցեղասպանութենէն վերապրողներուն:


comments