Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին հովուապետական այցը Աւստրալիա` 22 Յուլիսէն 03 Օգոստոս

By Vatican News | Sunday, 24 July 2022




Կեցութեան ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը առիթը պիտի ունենայ մօտէն ծանօթանալու հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրականութեան եւ Հայր Բարսեղ Վարդապետ Սուսանեանին վերջին քսան տարիներուն ընթացքին իրականացուած առաքելութեան։


Աւստրալիոյ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովիւ` Հայր Բարսեղ Վարդապետ Սուսանեանի հրաւէրով Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հովուապետական այցով մեկնած է Աւստրալիա։ Հոգեւոր Տիրոջ կ՜ընկերանան Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանը եւ Հայր Նարեկ վարդապետ Մնոյանը։

ՄԵԼՊՈՒՐՆ

Կեցութեան ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը առիթը պիտի ունենայ մօտէն ծանօթանալու հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրականութեան եւ Հայր Բարսեղ Վարդապետ Սուսանեանին վերջին քսան տարիներուն ընթացքին իրականացուած առաքելութեան։ Ան հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղական հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն հետ։ Սիտնէյէն զատ պիտի այցելէ նաեւ Մելպուրն քաղաքը, ուր Կիրակի 24 Յուլիսին պիտի հանդիսապետէ սուրբ եւ անմահ պատարագին, Մելպուրնի հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, ի ներկայութեան Մելպուրնի հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն եւ քոյր համայնքներու ներկայացուցիչներուն։ Ան ապա պիտի մասնակցի իրեն ի պատիւ կազմակերպուած պաշտօնական սիրոյ սեղանին։

Երկուշաբթի 25 Յուլիսին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը առանձնական հանդիպում պիտի ունենայ Մելպուրնի Մելքիդ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս` Ռոպերթ Ռապպաթի ու տեղւոյն կղերական դասին հետ, մինչ յետմիջօրէին ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ծխական մէկ ժողովին։

Երեքշաբթի 26 Յուլիսին նախատուած է Մելպուրնի Լատին Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Փիթըր Քոմէնսոլի հետ հանդիպում եւ յետմիջօրէին` հայ կաթողիկէ ընտանիքներուն հետ հանդիպումներ։

Սիտնէյի Վերափոխման Սուրբ Կոյսի եկեղեցւոյ խորանը
Սիտնէյի Վերափոխման Սուրբ Կոյսի եկեղեցւոյ խորանը

 

ՍԻՏՆԻ

Չորեքշաբթի 27 Յուլիսին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը կը վերադառնան Սիտնէյ ուր նախատեսուած է ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը` եւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին այցելութիւնները հայ կաթողիկէ զանազան ընտանիքներուն։

Հինգշաբթի 28 Յուլիսի յայտագիրը կը նախատեսէ Սիտնէյի եկեղեցական, մշակութային ու բարեսիրական հայկական հաստատութիւններուն այցելութիւններ, որոնց շարքին Համազգայինի ճեմարանը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ալեքսանտր վարժարանը, Հայ Աւետարանական Եկեղեցին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, ուր Հոգեւոր Տէրը հիւրը պիտի հանդիսանայ տեղւոյն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեանին։

Ուրբաթ օրը «Renaissance Function Centre» ին մէջ նախատեսուած է պաշտօնական ընթրիք, իսկ երկրորդ օրը` Շաբաթ 30 Յուլիսին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այցելելէ ետք «Looyce» հայ կաթողիկէ դպրոցը, երեկոյեան Սիտնէյի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ կը նախագահէ աղօթքի յատուկ արարողութեան, որուն աւարտին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եկեղեցւոյ կեդրոնական սրահին մէջ նախատեսուած պաշտօնական հիւրասիրութեան։

Կիրակի 31 Յուլիսին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետը Սիտնէյի Վերափոխման Սուրբ Կոյսի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցէ Հայրապետական սուրբ պատարագը մինչ յետմիջօրէին կը շարունակէ իր հայ կաթողիկէ ընտանիքներուն հովուական այցելութիւնները։

Յաջորդ օրերուն եւս նախատեսուած են այցելութիւններ ընտանիքներուն մինչ հովուապետական այցը պիտի աւարտի 3 օգոստոսին։



comments