Լոս Անճելըսի Գերագոյն Ատեանը Բեկանեց Համբիկ Սասունեանի Ազատ Արձակումը Խափանելու Նիւսըմի Որոշումը

By Asbarez | Thursday, 25 February 2021

0227Hampig-Sassounian

«Ասպարէզ»ի ձեռք ձգած դատական փաստաթուղթերուն համաձայն՝ Լոս Անճելըսի Գերագոյն ատեանը Չորեքշաբթի օր բեկանեց Համբիկ Սասունեանի ազատ արձակումը կասեցուցած նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի որոշումը։

Յիշեցնենք, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Դեկտեմբեր 2019ին Բանտարկեալներու ազատ արձակման խորհուրդը յանձնարարած էր Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակել, Մայիս 2020ին Նիւսըմ որոշեց արգելակել Սասունեանի ազատ արձակումը: Իր որոշումին երկարապատում բացատրութեան մէջ, Նիւսըմ, ընդունելով հանդերձ, որ անցնող տասնամեակներուն Սասունեան լուրջ քայլեր առած է վերականգնելու համար իր վարքը՝ ան տակաւին չի հաւատար, որ Սասունեան պատրաստ է ազատ արձակուելու:

«Կը գնահատեմ Սասունեանը՝ բանտին մէջ իր վարքը բարելաւելու ուղղութեամբ թափած ճիգերուն համար, բայց գոյութիւն ունին աւելի ծանրակշիռ ժխտական հանգամանքներ, որոնք Սասունեանը անատակ կը դարձնեն ազատ արձակուելու։ Իմ համազումը այն է, որ Սասունեան տակաւին չէ կրցած բաւարար ժամանակի ընթացքին ապացուցել անհրաժեշտ հմտութիւններու եւ ատակութեան զարգացումը եւ անոնց իւրացումը», գրած էր Նիւսըմ:

Սակայն, Լոս Անճելըսի Գերագոյն ատեանը կամայական եւ ընթացակարգային կերպով թերի նկատեց նահանգապետին որոշումը, ընդունելով Սասունեանի փաստաբաններուն առարկութիւնը։

Ատեանը նաեւ անհիմն նկատեց Նիւսըմի այն պնդումը, թէ Սասունեանի ազատ արձակումը վտանգ կը սպառնայ հանրութեան։

Ատեանին որոշումը կը նշանակէ, թէ վերահաստատուած է Սասունեանը ազատ արձակելու՝ Բանտարկեալներու ազատ արձակման խորհուրդին որոշումը։

«Արդարութեան անիւները երբեմն դանդաղ կը դառնան։ Կը դրուատեմ Սասունեանի փաստաբաններուն եւ տասնամեակներէ ի վեր անոր ազատ արձակումը ապահովելու համար իրաւանց գործիչներու աշխատանքը։ Այս դատը կարեւոր է ոչ միայն Սասունեանի ընտանիքին, այլ ամբողջ Քալիֆորնիոյ համար եւ ուրախ ենք, որ արդարադատութեան համակարգը բարեկարգելու մեր ջանքերէն պիտի օգտուի նաեւ Համբիկը։ Այսօր համայնքը կրնայ աւելի հանգիստ քնանալ», «Ասպարէզ»ին յայտնեց Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ։

«Ատեանին Չորեքշաբթի օրուան որոշումը Համբիկ Սասունեանի իրավիճակին համար դրական զարգացում մըն է։ Անարդար կը գտնէինք անոր ազատ արձակումը մերժող նահանգապետին քայլը», յայտնեց իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան, որ վերջին չորս տասնամեակներուն մօտէն գործակցած է Սասունեանի պաշտպան փաստաբաններուն հետ։ «Մեր համայնքը ամհամբերութեամբ կը սպասէր այս պահուն եւ վստամ եմ, որ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել Համբիկին ազատ արձակումը։ Համբիկին ընտանիքը եւ ամբողջ համայնքը կը դրուատեն ատեանին վճիռը», աւելցուց ան։

«Իբրեւ կազմակերպութիւն մը՝ որ անցեալ տարի դժգոհութիւն յայտնեց նահանգապետին որոշումին նկատմամբ, երախտապարտ ենք ատեանին, որ նման դրական որոշում մը արձակեց, չէզոքացնելով նահանգապետին անհիմն որոշումը։ Վստահ ենք, որ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ եւ ուրախ ենք, որ ատեանը համաձայն գտնուեցաւ մեզի», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։

Նշենք նաեւ, որ Սասունեան ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էր 1984ին, մեղադրուելէ ետք երկու տարի առաջ՝ 1982ին, Լոս Անճելըսի մօտ թուրք հիւպատոսը սպաննելու յանցանքով:

 

comments

Advertisement