Երեւան Պէտք Է Խուսափի Ակնյայտ Ծուղակներէ. Արամ Համբարեան

By Asbarez | Saturday, 10 April 2021

0409aramhamparian

ԵՐԵՒԱՆ․- Անդադար կ՛աշխատինք, մեծ յոյսերով, բայց ոչ անիրատես սպասումներով, «Թերթ»ին ըսաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ անդրադառնալով նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հնարաւորութեան։

«Անգարա, ինչպէս նախապէս, կը ջանայ Երեւանի վրայ ճնշում բանեցնելով՝ խափանել Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ ոգեկոչման համաշխարհային շարժումը», ըսաւ ան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը վերաբերին արցախեան պատերազմէն ետք հայ-թրքական յարաբերութիւններու հաւանական բարելաւման։

Խօսելով Հայաստանի իշխանութիւններու յայտարարութիւններուն մասին, որ օրինակ, պէտք է յարաբերութիւնները հարթելու հնարաւորութիւններ փնտռել՝ Արամ Համբարեան ըսաւ. «Երեւան պէտք է խուսափի այդ ակնյայտ ծուղակներէն»։

comments

Advertisement