Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նախագիծ Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ

By Asbarez | Wednesday, 14 July 2021



ԼՈՆՏՈՆ․- Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծ ներկայացուած է: Օրինագիծը ներկայացուած է Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ Ճոն Սփելարի նախաձեռնութեամբ, կը հաղորդէ Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը:

Օրինագիծը Դեկտեմբերին երկրորդ ընթերցումով պիտի ներկայացուի խորհրդարանի քննարկման:

Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը` նշելով, որ անիկա պիտի արտօնէ սրբագրել Հայոց Ցեղասպանութեան 106ամեայ ժխտման անարդարութիւնը:

comments

Advertisement