Լիբանան Նշեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Ա. Տարելիցը.

By Aztag Daily | Saturday, 07 August 2021



ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի Ա. տարելիցին առիթով, 4 Օգոստոսին, ճիշդ պայթումի պահուն` երեկոյեան ժամը 6:07ին, պայթումի վայրին մէջ կատարուեցաւ հաւաքական աղօթք` յարգելու համար պայթումին պատճառած զոհերուն յիշատակը: Նամազով սկսած եւ ապա Ս. պատարագով շարունակուած աղօթքին ընթացքին յիշուեցան բոլոր նահատակները։

3 Օգոստոսի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, մոմավառութիւն կատարուեցաւ քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ, իսկ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին հրաւէրով եւ հովանաւորութեամբ երեք համայնքապետերուն, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կից գտնուող աստիճաններուն վրայ:

comments

Advertisement