Տառապեալ Հայ Ժողովուրդը Վերածաղկելու Եւ Պտուղ Տալու Անսպառ Կարողութիւն Ունի. Ֆրանսիս Պապը, Նորընտիր Պատրիարքին

By Asbarez | Wednesday, 29 September 2021



24 Սեպտեմբերին, Ֆրանսիս պապը ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր կաթողիկոս պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ը:


Պապը նորընտիր պատրիարքին յանձնեց «Եկեղեցական Հաղորդութեան» վաւերագիրը, որուն մէջ քահանայապետը կ՛ողջունէ անոր ընտրութիւնը եւ կը յայտնէ, թէ պատրիարքի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մարդկութիւնը կանգնած է մարտահրաւէրներու առջեւ, ինչպէս՝ Սուրիան եւ Լիբանանը, «ուր կը գտնուի Հայոց Տանն Կիլիկիոյ եկեղեցին»։

Պապը յայտնեց, թէ քաջատեղեակ է հայ ժողովուրդի կրած տառապանքներէն: «Անոնք (հայերը) անսպառ կարողութիւն ունին՝ վերածաղկելու եւ պտուղ տալու իրենց սուրբերու եւ նահատակներու սրբութեան եւ իմաստութեան, իրենց մշակոյթին եւ արուեստին շնորհիւ։ Հայերը գիտեն՝ ինչպէս ժայռի մեջ խաչ քանդակել` իբրեւ կեանքի ծառ, իբրեւ աշխարհի իւրաքանչիւր անբարենպաստ ուժի նկատմամբ յաղթանակի վկայութիւն», կ՛ըսէ Ֆրանսիս պապը։

comments

Advertisement