Բրիտանիոյ Համայնքներու Պալատ Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Օրինագիծը

By Asbarez | Thursday, 11 November 2021

Հայ Դատի Բրիտանիոյ յանձնախումբը յայտարարեց, որ 9 Նոյեմբերը պատմական օր է Հայ Դատին համար, որովհետեւ Համայնքներու պալատին մէջ  Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծի առաջին ընթերցումը անցաւ առանց առարկութիւններու։

«Յաջորդ ընթերցումը տեղի պիտի ունենայ 18 Մարտ 2022ին: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Թիմ Լաֆթընին եւ բոլոր հովանաւորներուն` այս յաջողութեան համար», յայտնեց Հայ Դատի յանձնախումբը:

Նշենք, որ օրինագիծը ներկայացուց պահպանողական խորհրդարանական Թիմ Լաֆթըն, իսկ անոր նպատակն է պաշտօնական ճանաչման եւ յիշատակութեան միջոցով ոգեկոչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Օրինագիծը ունի հիմնական երեք դրոյթներ. առաջին` Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր յարակից տարածքներուն մէջ 1915-1923 թուականներուն հայութեան ջարդերու պաշտօնական որակում` իբրեւ ցեղասպանութիւն, երկրորդ` ցեղասպանութիւններու, որոնց կարգին Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու յիշատակի տարեկան ոգեկոչում, երրորդ` Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր վերաբերող մարդու իրաւունքներու ժամանակակից խախտումներու եւ պատերազմական յանցագործութիւներու վերաբերեալ կրթութեան եւ հանրային տեղեկացուածութեան խթանում:

comments

Advertisement